Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Հերցի Հալեւի կացութեան գնահատման նիստի մը ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ փոխըմբռնումներու հասնելու քաղաքական փորձի կողքին, պէտք է Լիբանանի մէջ կռիւը շարունակելու, ներառեալ ցամաքային գործողութիւնը ընդարձակելու եւ խորացնելու ծրագիրները յստակացնել, եւ այդ ծրագիրը անհրաժեշտութեան պարագային պիտի մտցնենք ուժի մէջ»:
«Կը շարունակենք յստակ ծրագիրի մը հիմամբ` Հըզպալլայի թիրախները հարուածել բոլոր շրջաններուն մէջ` հարաւային Լիբանանէն մինչեւ Պեքա, հասնելով Պէյրութ եւ Սուրիա», նշեց Հալեւի:


