Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոպախիծէ. «Ընտրութիւններուն Ժամանակ Արձանագրուած Է Երրորդ Երկիրներու Աննախադէպ Միջամտութիւն»

November 2, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ արձանագրուած է երրորդ երկիրներու աննախադէպ միջամտութիւն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին վրացական «Իմետի» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ:

«Օտարերկրեայ ֆինանսաւորումը Վրաստանի մէջ կ՛օգտագործուի քաղաքական նպատակներով: Այս ընտրութիւններուն արձանագրուած է դուրսէն աննախադէպ միջամտութիւն, ներառեալ օտարերկրեայ դրամներու միջոցով», ըսած է ան:

Իբրեւ արտաքին միջամտութեան օրինակ` վարչապետը բերած է ընդդիմութեան նախընտրական հանրահաւաքն ու համերգը, որ տեղի ունեցած է Թիֆլիսի մէջ 20 հոկտեմբերին` ընտրութիւններէն 6 օր առաջ:

Քոպախիծէի համաձայն, ցոյցը ֆինանսաւորած են ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները, որոնք միջոցներ կը ստանան արտասահմանէն:

«ԻՆթըրֆաքս» կը գրէ, որ Քոպախիծէ նաեւ յայտարարած է, որ 26 հոկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները մաքուր անցած են, եւ իշխանութիւնները պատրաստ են բոլորին տրամադրելու ատիկա հաստատող ապացոյցներ:

«Բոլորը պէտք է հաշտուին այն փաստին հետ, որ Վրաստանը անկախ պետութիւն է, եւ որդեգրուած օրէնքները կը գործեն, մենք բացարձակապէս բաց ենք բոլորին համար, որոնք կ՛ուզեն համոզուիլ, որ մեր կատարած ընտրութիւնները մաքուր եղած են», ըսած է Քոպախիծէ:

Ան նաեւ ըսած է, որ Վրաստանի մէջ ընտրութիւններուն վերաբերեալ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻ դիտորդական առաքելութեան նախնական եզրակացութիւնը ընդհանուր առմամբ դրական է:

«ԵԱՀԿ-ԺՀՄԻ-ի եզրակացութեան առնչուած բազմաթիւ յայտարարութիւններ կան թէ՛ այստեղ, թէ՛ դուրսը, որ առաքելութիւնը մեր ընտրութիւնները չէ կոչած արդար եւ ազատ, սակայն կազմակերպութիւնը իր զեկուցումներուն մէջ նման եզրեր չ՛օգտագործեր: ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻ-ի առաքելութիւնը ընդհանուր առմամբ դրական արտայայտուած է: Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին միջազգային դէտերը ուղղակիօրէն խօսած են ընտրութիւններու օրինականութեան մասին», ըսած է Քոպախիծէ:

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Լիվըրփուլ – Պրայթըն. Վաղը` Մանչեսթըր Եունայթըտ – Չելսի

Յաջորդը

Լաւրով. «Անգարայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համագործակցութեան Շարունակութիւնը Տարակուսելի Է` Հաշուի Առնելով Թրքական Իշխանութիւններու Յայտարարութիւնները»

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
Փենթակոն. «Ուաշինկթընն Ու Դաշինքին Մէջ  Իր Գործընկերները Պիտի Կրճատեն Իրաքի Մէջ  Իրենց Զինուորական Առաքելութիւնը»
Միջազգային

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Փենթակոն Թրամփին Յայտնեց, Թէ Իրանի Դէմ Պատերազմի Ծրագիրը Վտանգներ Կը Պարունակէ

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.