Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատունի. «Եթէ Հիմա Իսկ Համաձայնութիւն Գոյանայ Նախագահական Թեկնածուի Մը Շուրջ, Ռմբակոծումներու Տակ Իսկ Խորհրդարանի Դռները Կը Բացուին, Եւ Նախագահ Կ՛ընտրենք»

October 30, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին հաստատեց, որ Իսրայէլ իր ոճրագործութիւններուն համար պատճառաբանութեան կարիք չունի:

Ան ըսաւ, որ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, անձի մը, կողմի մը կամ համայնքի մը դէմ ուղղուած չէ, այլ ամբողջ Լիբանանի վրայ յարձակում է:

«Նուազագոյն բանը, որ կրնանք ընել, միւս քաղաքացիին կողքին կանգնիլն է` մեկնելով համաքաղաքացիութեան սկզբունքէն կամ այն ինչէն, որ անկէ մնացած է», յայտնեց ան` ընդգծելով, որ ներկայ կացութեան մէջ ուրիշին ձեռք երկարելը ինքն իրեն ձեռք երկարելու համազօր է, որովհետեւ հասարակաց ճակատագիր ունինք:

Անդրադառնալով նախագահի ընտրութեան թղթածրարին` Բագրատունի յայտնեց. «Եթէ հիմա իսկ համաձայնութիւն գոյանայ նախագահական թեկնածուի մը շուրջ, ռմբակոծումներու տակ իսկ խորհրդարանի դռները կը բացուին, եւ նախագահ կ՛ընտրենք»:

Խօսելով լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունին իր երկուշաբթի օրուան այցելութեան մասին Բագրատունի նշեց. «Լիբանանեան բանակի հրամանատար Ժոզեֆ Աունին տուած այցելութիւնս ամսական դրութեամբ տրուած այցելութիւն է, որուն ընթացքին ցաւակցութիւն յայտնեցինք նահատակ բանակայիններուն համար, նաեւ զօրակցութիւն` երկրի պաշտպանութեան բանակին»:

Անդրադառնալով ներկայ կացութեան կարգաւորման ջանքերուն` Բագրատունի ըսաւ. «Ինչ ալ ըլլան համաձայնութիւնները` ներքին թէ արտաքին, կարեւոր է, որ անոնք ի վնաս Լիբանանի չըլլան»:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին. «Կլիմայական Արդարութիւն Չի Կրնար Ըլլալ Առանց Մարդկային Արդարութեան Եւ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան»

Յաջորդը

Նաքուրայի Վրայ Հրթիռային Յարձակումի Մը Ընթացքին ՖԻՆԻՒԼ-ի Անդամ 8 Աւստրիացի Զինուորներ Վիրաւորուած Են

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.