Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էն. Պի. Էյ. Տիւրենթի 30 Կէտերը Օգնեցին, Որ Սանզ Յաղթէ Լէյքըրզին

October 30, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տեւըն Պուքըր 33 կէտ նշանակեց, իսկ Քեւըն Տիւրենթ աւելցուց 30 կէտ ի նպաստ Ֆինիքս Սանզի, որ 4-րդ մասին գերազանցեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը` պարտութեան մատնելով զայն: Լէյքըրզի առաջին պարտութիւնն էր այս տարեշրջանին:

Լէյքըրզ 83-76 արդիւնքով կը յառաջանար 3-րդ մասի աւարտէն ետք, սակայն Տիւրենթի յաջորդական ճամփ-շաթերը Սանզը առաջ տարին 105-101, մրցումի աւարտէն 2:17 վայրկեան մնացած:

Լըպրոն Ճէյմս 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց` արդիւնքը մօտեցնելով 105-104-ի, սակայն Լէյքըրզ բնաւ չկրցաւ հասնիլ Սանզին: Լըպրոն 11 կէտ նշանակեց` առնուազն 10 կէտ նշանակելով իր 1.226-րդ մրցումին:

Լէյքըրզ մրցումի կէսերուն 18 կէտի առաւելութիւն մը ունէր, սակայն Սանզ կրցաւ գերազանցել զայն:

Սանզ, որ ուրբաթ օր 123-116 արդիւնքով պարտուած էր Լէյքըրզէն, այժմ պիտի մրցի Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դէմ:

Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 29 կէտ ի նպաստ Լէյքըրզի: Օրլանտօ Մեճիք «կախարդական» մրցում մը ունեցաւ Ֆլորիտայի մէջ` հիւրընկալելով Ինտիանա Փէյսըրզը. Փաուլօ Պանչերօ 50 կէտ նշանակեց:

Պանչերօ, որ իր ասպարէզի առաւելագոյն կէտերը նշանակեց, ձեռք ձգեց նաեւ 13 ռիպաունտ եւ 9 էսիսթ կատարեց:

Պանչերօ առաջին կիսախաղին 37 կէտ նշանակելով հաւասարեցաւ Թրէյսի Մաքկրէյտիի մրցանիշին (9 մարտ 2003):

2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթց իր 3-րդ մրցումին վերջապէս կրցաւ յաղթանակ արձանագրել` երկարաձգումին յաղթելէ ետք Թորոնթօ Ռեփթըրզին (127-125), Քանատայի մէջ:

Տենվըր մեծ թիւով թըրնօվըրներ կ՛ընէր նախկին մրցումներուն, բայց երէկ վերջապէս կրցաւ աւելի զգուշ խաղալ եւ յաղթական դարձաւ:

Նիքոլա Եոքիչ 40 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ժամալ Մարէյ 17 կէտ եւ 9 ռիպաունտ աւելցուց ի նպաստ Նակեթցի:

Տալաս Մեւրիքս 110-102 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եութա Ճեզը: Քայրի Ըրվինկ 23 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տալասի, որուն մարզիներէն Քլէյ Թոմփսըն աւելցուց 18 կէտ:

Լուքա Տոնչիչ 15 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց երէկ, ուր փայլուն մրցում մը չունեցաւ:

Քլիվլենտ Քեւելիրզ իր յաջորդական 4-րդ յաղթանակը արձանագրեց 110-104 արդիւնքով Նիւ Եորք Նիքսի դէմ մրցումին, որուն ընթացքին Տարիուս Կարլենտ 34 կէտ նշանակեց:

Ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս իր կարգին իր յաջորդական 4-րդ մրցումը յաղթանակով աւարտեց 119-108 արդիւնքով` յաղթելէ ետք Միլուոքի Պաքսի դէմ մրցումին:

Ճէյլըն Պրաուն 30 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սելթիքսի, մինչ Միլուոքի Պաքսէն Տեմիըն Լիլըրտ 33 կէտ նշանակեց:

Տիթրոյիթ Փիսթընզ իր յաջորդական 4-րդ պարտութիւնը կրեց` 106-98 արդիւնքով պարտուելէ ետք Մայեմի Հիթէն, այս վերջինիս դաշտին վրայ, Ֆլորիտայի մէջ:

Ճիմի Պաթլըր 23 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մայեմիի, մինչ Քէյտ Քանինկհամ 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տիթրոյիթի:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Օրլանտօ Մեճիք – Ինտիանա Փէյսըրզ 119-115
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Տենվըր Նակեթց 125-127
Նիւ Եորք Նիքս – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 104-110
Մայեմի Հիթ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 106-98
Պոսթըն Սելթիքս – Միլուոքի Պաքս 119-108
Աթլանթա Հոքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 119-121
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 101-106
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Շիքակօ Պուլզ 123-126
Տալաս Մեւրիքս – Եութա Ճեզ 110-102
Սաքրամենթօ Քինկզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 111-98
Ֆինիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 109-105

 

 

Նախորդը

Ռոտրի Շահեցաւ «Պալոն Տ՛Օր»-ը

Յաջորդը

Նըժմէ Լաւ Ձեւով Կը Ներկայացնէ Լիբանանը

RelatedPosts

Փարաբազկամարտ.  Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Փարաբազկամարտ. Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց

November 10, 2026
Ճատրակ.  Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ճատրակ. Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

November 10, 2026
Վան Տայք Շատ Հաւանաբար  Միանայ Պարսելոնային
Մարզական

Վան Տայք Շատ Հաւանաբար Միանայ Պարսելոնային

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.