Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ոսկի Գնդակի «Կատակը»

October 30, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Կ.

Տարիներէ ի վեր կը լսենք եւ կը տեսնենք, թէ մրցանակներ կը շահին մարզիկներ կամ այլ բեմերու վրայ դերասաններ, որոնք շատերու կարծիքով արժանի չեն, կամ նոյն տարին աւելի արժանի անձեր կ՛անտեսուին:

Երկուշաբթի գիշեր, ֆութպոլի տարեկան հանդիսութեան Թէաթր տիւ Շաթըլէի մէջ (Փարիզ) տեղի ունենալիք մրցանակաբաշխութենէն ժամեր առաջ, Մանչեսթըր Սիթիէն մարդիկ կապուած էին Ռէալ Մատրիտին յայտնելու, թէ Ռոտրի պիտի ստանայ Ոսկի գնդակը: Այս լուրը զայրացուցած էր սպանական «շփացած» ակումբը, որ պոյքոթի ենթարկած էր հանդիսութիւնը` անոր ներկայ չգտնուելով:

Ռէալ Մատրիտ, որ տարիներէ ի վեր կը վայելէր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «հովանաւորութիւնը», կը կարծէր, թէ պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս Ճունիոր պիտի շահի Ոսկի գնդակը, մանաւանդ որ արժանի կոլեր ալ նշանակած էր Ռէալի հետ եւ շահած «Չեմփիընզ լիկ»-ը:

Այժմ նոյն Ռէալ Մատրիտը «մեղսակից» կը նկատէր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն, որ ըստ իրենց, ազդած էր «Ֆրանս ֆութպոլ»-ի կազմակերպած մրցանակաբաշխութեան վերջնական արդիւնքներուն վրայ:

Ասիկա առաջին անգամը չէր (ոչ ալ վերջինը), որ շատերու կարծիքով` բազմաթիւ աւելի լաւ մարզիկներ անտեսուած են: Կարելի է յիշել վերջին տարիներու Ֆրանք Ռիպերիի (2013) կամ Թիերի Հանրիի (2003) ամբողջական ելոյթները, սակայն առանց Ոսկի գնդակի տիտղոսի տիրանալու:

Ի՞նչ է պատճառը… «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն ըստ երեւոյթին այսպէս կ՛ուզէ: ՖԻՖԱ-ն եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն կ՛ուզեն «փրոփականտա» վայելող դէմքեր… ակումբներ: Ճիշդ է, որ զօրաւոր եւ մեծ ակումբներ են Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա, սակայն շատ մարդիկ գիտեն, թէ այս ակումբները ունին առաջնահերթութիւն` շահելու տիտղոսներ, ինչպէս նաեւ ունենալու անհատական մրցանակներու հաւանական աստղեր: Ոչ մէկը կրնայ ըսել, թէ Ռոնալտօ կամ Մեսսի լաւ ֆութպոլիստներ չէին, բայց շատ մարզիկներ այս զոյգին «զոհը գացին» նոյն ժամանակ ֆութպոլ խաղալով եւ աւարտելով իրեց արհեստավարժ ասպարէզը առանց ընտրուելու լաւագոյն մարզիկ: Կրնայ ըլլալ ճիշդ է, որ Լիոնել Մեսսի ՖԻՖԱ-ի «շփացած տղան» է եւ լաւ օրինակ կը դառնայ ապագայ սերունդին իր բաւական տիպար կեցուածքով առնուազն դաշտին վրայ, մինչ Ռոնալտօ տիպար կեանք կ՛ապրի, բայց դաշտին վրայ շատ օրինակելի չէ, որքան Մեսսին: Ի վերջոյ երեւոյթը կրնայ խաբել… Վինիսիուսի պատճառն ալ կրնայ ըլլալ այն, որ… շատ օրինակելի տիպար չէ դաշտին վրայ:

 

 

Նախորդը

Նըժմէ Լաւ Ձեւով Կը Ներկայացնէ Լիբանանը

Յաջորդը

«Ազրպէյճան Կանոնաւոր Քաղաքական Երկխօսութիւն Կը Վարէ ՕԹԱՆ-ի Հետ» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

RelatedPosts

Փարաբազկամարտ.  Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Փարաբազկամարտ. Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց

November 10, 2026
Ճատրակ.  Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ճատրակ. Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

November 10, 2026
Վան Տայք Շատ Հաւանաբար  Միանայ Պարսելոնային
Մարզական

Վան Տայք Շատ Հաւանաբար Միանայ Պարսելոնային

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.