Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Անակնկալի Բերաւ Ռէալ Մատրիտը

October 28, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ գիշեր տեղի ունեցաւ եւրոպական ֆութպոլի «Քլասիքօ»-ն, որուն ընթացքին Ռէալ Մատրիտ, իր «Սանթիակօ Պեռնապէօ» դաշտին վրայ, 78 հազարէ աւելի համակիրներու ներկայութեան, 4-0 արդիւնքով ջախջախիչ պարտութիւն մը կրեց Պարսելոնայէն:

Պարսելոնա, որ չորեքշաբթի օր 4-1 արդիւնքով մատնած էր Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխը, կարծէք իր դաշտին վրայ կը խաղար, եւ քիչ մը զգուշ սկսելէ ետք հետզհետէ կրցաւ Ռէալի պաշտպաններուն սխալ կէտերը գտնել եւ կոլեր նշանակել Բ. կիսախաղին:

Ռէալ առաջին կիսախաղին քանի մը անգամ փորձեց առիթներ ստեղծել, մանաւանդ ֆրանսացի Քելիան Էմպափփէի շնորհիւ, սակայն շատ անգամներ փոխանցումը քիչ մը կ՛ուշանար` պատճառ դառնալով, որ օֆ-սայտի ծուղակին մէջ իյնայ:

30-րդ վայրկեանին ան կարծեց, թէ կոլ նշանակած է, սակայն ստուգելէ ետք ՎԱՐ-ի պաստառին վրայ, կոլը չվաւերացուեցաւ, եւ արդիւնքը մնաց 0-0:

Բ. կիսախաղին, Մարք Քասատոյի փոխանցումէն օգտուելով, Ռոպերթ Լեվանտովսքի նշանակեց Պարսելոնայի առաջին կոլը: 2 վայրկեան հազիւ անցած, այս անգամ Ալեխանտրօ Պալեէի փոխանցումէն օգտուելով Լեվանտովսքի աւելցուց 2-րդ կոլը: 65-րդ վայրկեանին Էմպափէ «խուժեց» Ռէալի քառակուսին եւ գետնէն տուաւ զօրաւոր հարուած մը, զոր լաւ ձեւով զսպեց Պարսելոնայի բերդապահ Ինիաքի Փենա:

Վայրկեան մը ետք Էմպափէ կոլ մը եւս նշանակեց… բայց օֆսայտ դիրքէն օգտուելով: Յաջորդ յարձակումին Լեվանտովսքիի հեթ-թրիքը «արգիլեց» Ռէալի բերդին սիւնը…

68-րդ վայրկեանին Լեվանտովսքիի այլ առիթ մը քիչ մը բարձր անցաւ Ռէալի բերդէն վեր:

72-րդ վայրկեանին Էմպափէ լաւ առիթ ունէր կոլ նշանակելու, սակայն Փենա լաւ ձեւով զսպեց անոր հարուածը:

Պէտք է ըսել, որ Էմպափէ տարբեր մրցանիշ իրագործեց այս մրցումին, մէկ մրցումի ընթացքին 7-է աւելի անգամներ օֆսայտի դիրքի վրայ գտնուելով` իրագործելով մրցանիշ մը կարեւորագոյն 5 լիկաներուն մէջ (2017-2018 տարեշրջանէն ի վեր):

77-րդ վայրկեանին Լամին Եամալ շատ լաւ ձեւով ստացաւ փոխանցում մը եւ աջ ոտքով հարուածեց դէպի Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Լունինի վերի անկիւնը` նշանակելով Պարսայի 3-րդ կոլը:

84-րդ վայրկեանին խմբապետ Ռաֆինիա փոխանցում մը ստանալէ ետք գեղեցիկ լոպով մը գնդակը զետեղեց Ռէալի բերդին մէջ, հակառակ պաշտպաններու փորձերէն զայն դուրս հանելու:

Ի վերջոյ մրցումը աւարտեցաւ 4-0 արդիւնքով, մինչ Պարսելոնայի մարզիչ Հանզի Ֆլիք գոհ մնալով իր տղոց խաղարկութենէն 2 օր արձակուրդ տուաւ տօնելու Պայերնի եւ Ռէալի դէմ յաղթանակները:

Ստորեւ` 11-րդ հանգրուանի արդիւնքները.

Լեղանես – Սելթա Վիկօ 3-0
Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա 0-4
Լաս Փալմաս – Ժիրոնա 1-0
Ռայօ Վայեքանօ – Ալաւեշ 1-0
Վայատոլիտ – Վիարէալ 1-2
Էսփանիոլ – Սեւիա 0-2

ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Պարսելոնա 30 (37-10)
2.- Ռէալ Մատրիտ 24 (21-11)
3.- Վիարէալ 21 (20-19)
4.- Աթլեթիքօ Մատրիտ 20 (16-6)
5.- Աթլեթիք Պիլպաօ 17 (17-11)
………………. ……………….
18.- Լաս Փալմաս 9 (13-19)
19.- Վայատոլիտ 8 (9-23)
20.- Վալենսիա 7 (7-16)
Նախորդը

Ծանրաբարձութիւն. Ժորա Գրիգորեան Ոսկի Մետալ Շահեցաւ Ռաֆիկ Մինասեան` Արծաթ

Յաջորդը

36 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով. «Ուաշինկթըն Փոսթ» Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Թեկնածուներէն Ոչ Ոքի Պիտի Աջակցի

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.