Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթը դէպի խաղաղութեան համաձայնագիր տանող ճիշդ ուղին է: Այս մասին Քազանի մէջ «ՊՐԻՔՍ+/աութռիչ» վեհաժողովի ծիրին մէջ ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի արտասանած խօսքը:
«Շատ հաճելի է նշել, որ սկսած է սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթը. ասիկա դէպի խաղաղութեան համաձայնագիր տանող ճիշդ ուղին է: Եւ այն, որ յաջողեցաք այսօրուան մեր աշխատանքի ընթացքին միտքեր փոխանակել Ազրպէյճանի նախագահին հետ, արդէն դրական է մեր միջոցառման համար», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:
Ան նկատի ունեցած է Փաշինեանի եւ Ալիեւի աշխուժ զրոյցը լիագումար նիստի կլոր սեղանին շուրջ:
Ռուսիոյ ղեկավարը կարեւոր նկատած է նաեւ Փաշինեանի նշած գումակային նախագիծերը եւ ընդգծած, որ Մոսկուայի համար կարեւոր է Հայաստանի դրական վերաբերմունքը Ազրպէյճանի եւ շրջանի այլ երկիրներուն հետ համագործակցութեան նկատմամբ:


