Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ժողովը Քննարկեց Սահմանազատման Յանձնախումբերու Կանոնակարգի Նախագիծը Վաւերացնելու Հարցը, Ընդդիմութիւնը Պոյքոթի Ենթարկեց

October 23, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ժողովը երէկ քննարկեց հայ – ազրպէյճանական սահմանազատման յանձնախումբերու կանոնակարգի նախագիծը վաւերացնելու հարցը:

Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը նախանցեալ օր դրական եզրակացութիւն տուած էր նախագիծին:

Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները պոյքոթի ենթարկեցին կանոնակարգի քննարկումը:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ կանոնակարգը ամբողջութեամբ հակասահմանադրական է, հակաօրինական է եւ չ՛առնչուիր ազգային ու պետական շահերու պաշտպանութեան հետ:

«Երէկ տեղի ունեցաւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստ, որ քննարկած է այս կանոնակարգը, եւ մեր համոզումները, որ ասիկա չի բխիր մեր ազգային ու պետական շահերէն եւ հակաօրինական գործընթաց է, ամրապնդուեցան: Որովհետեւ ոչ մէկ հարցումի պատասխան լիարժէքօրէն տրուեցաւ, այդ հարցումները կը մնան օդին մէջ կախուած», յայտարարեց Ռուստամեան` շեշտելով, որ Ազգային ժողովը ձեռնամուխ պիտի ըլլայ կանոնակարգի վաւերացման այն պայմաններուն մէջ, երբ Ազրպէյճանի մէջ նման համընթաց գործընթաց տեղի չ՛ունենար:

Ռուստամեան յայտարարեց, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնը այս հակաօրինական գործընթացին պիտի չմասնակցի` ո՛չ քուէարկութեան, ո՛չ ալ քննարկման:

Նախանցեալ օր խորհրդարանի յանձնախումբի ժողովին ընթացքին փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան ըսած էր, որ մտավախութիւն չունի, թէ Պաքուն զայն պիտի չվաւերացնէ:

Եթէ ամէն պարագայի նման բան տեղի ունենայ, ապա, փոխվարչապետի հաւաստումով, վաւերացնելէ ետք կողմերը ունին վերջին փուլ, որ կանոնակարգը ուժի մէջ պիտի մտնէ, երբ ծանուցումներու բնօրինակներով Երեւանն ու Պաքուն փոխանակուին:

Նախորդը

Ասքերով. «Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ստորագրման Համար Հայաստանի Մէջ Պէտք Է Հանրաքուէ Կատարուի»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.