Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զանգուածային Ցոյցով Փաստենք, Որ Տէրն Ենք Մեր Իրաւունքներուն

April 23, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր կարեւոր օր է լիբանանահայութեան համար: Անթիլիասի Նահատակաց  յուշարձանին առջեւ լսելէ ետք վեհափառ հօր պատգամն ու վերանորոգելէ ետք Ցեղասպանութեան նահատակներուն կտակին հաւատարիմ մնալու մեր համազգային ուխտը, լիբանանահայութիւնը պիտի քալէ դէպի թրքական դեսպանատուն: Խրոխտ ու վճռական քայլերով, իր իրաւունքներուն պահապան կանգնելու խոր յանձնառութեամբ, Արեւմտահայաստանի վերատիրացման անխորտակելի հաւատքով եւ կուռ ու կազմակերպ շարքերով հայութեան քայլարշաւը դէպի թրքական դեսպանատուն պիտի գրաւէ բոլորին ուշադրութիւնը:

Ո՛չ Ցեղասպանութիւնը, ո՛չ ժխտողականութիւնը, ո՛չ լռութիւնն ու կրաւորականութիւնը եւ ո՛չ ալ ցեղասպանութեան իրողութեան նկատմամբ հաշուեխնդիր մօտեցումները կրնան պակսեցնել համայն հայութեան պահանջատիրութեան ոգիին տարողութիւնը: Պահանջատիրութիւն, որ եկեղեցիներու վերստանձնման, ինչքերու վերասեփականացման, արեան գինի, նիւթական հատուցումներու եւ ամբողջ հայրենահանուած ժողովուրդի մը հողային թէ բոլոր տեսակի իրաւունքներու վերականգնման արդար պահանջներով պիտի քալէ դէպի թրքական դեսպանատուն եւ զանգուածային պահանջով պիտի փոխանցէ թշնամիին, թէ ճանաչումի պահանջին առընթեր հատուցումի եւ իրաւունքներու վերականգնումի յստակ առաջադրանքներով կը ներկայանայ հայութիւնը նախ ցեղասպան պետութեան այսօրուան ժխտող ժառանգորդներուն եւ ապա համայն աշխարհին:

Քաղաքական առաջադրանքներու այս ամբողջականութիւնը կը ներառէ այսօրուան ցուցական գործողութիւնը, որուն կուռ ու կազմակերպ բնոյթը, բոլոր հատուածներու ներգրաւումը եւ մանաւանդ թշնամիին հետ մէկ լեզուով խօսելու եւ մէկ մարդու նման պահանջատէր կեցուածքի համագաղութային դրսեւորումը պիտի յաջողի ինչպէս ներազգային, այնպէս ալ արտաքին ճակատին ուղղուած յստակ պատգամներ փոխանցել:

Այսօրուան մարդկային հոսքը կը յաջողի հակակշռել թշնամիին նկրտումները, ամէնէն հատու ձեւով հակազդել ժխտողականութեան եւ պարզել բոլորին Հայ դատին եւ հայութեան բոլոր իրաւունքներուն անժամանցելիութիւնը:

Բոլորս խիտ ու խուռներամ շարքերով` Այնճարէն , Զահլէէն, Շթորայէն, Հազմիէէն, Ֆըրն Շըպպեքէն, Այն Ռըմմենիէն, Պէյրութէն` Զոքաք Էլ Պլաթէն, Քանթարիէն, Համրայէն, Ռաս Պէյրութէն , Էշրեֆիէէն, Մար Մըխայէլէն, Հայաշէնէն, Հաճընէն, Խալիլ Պատաուիէն, Պուրճ Համուտէն` Մարաշէն, Սիսէն, Նոր Ատանայէն, Արագածէն, Կիլիկիայէն, Ամանոսէն, ժողովրդային տուներէն, Նորաշէնէն, Ռաուտայէն, Ֆանարէն, Մար Եուսեֆէն, Պաուշրիէէն, Տըքուանէէն, Նահըր Մոթէն, Զալքայէն, Ժէլ Էլ Տիպէն, Անթիլիասէն, Մըզհերէն, Պսալիմէն, Տըպպայէէն, Նաքքաշէն, Ռապիէէն, Ռապուէէն, Պէյթ Գոգոյէն, Պայատայէն, Պէյթ Շաարէն, Պիքֆայայէն, Պաապտաթէն, Պրումմանայէն, Ժունիէէն, ժիպէյլէն, Պաթրունէն, Թրիփոլիէն, Անթիլիասի մայրավանքէն քալենք դէպի թրքական դեսպանատուն, բողոքե՛նք ցեղասպան պետութեան ժառանգորդներուն դէմ եւ փաստենք, որ տէրն  ենք մեր իրաւունքներուն:

«Ա.»

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակ. Հողը

Յաջորդը

Ճատրակ. Արոնեան – Քրամնիք` 1,5 – 0,5

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.