Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհուրդը Հաստատած Է Վրաստանի Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Հոլովոյթի Տէ Ֆաքթօ Կասեցումը

October 21, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդը կը կարծէ, որ Վրաստանի կառավարութեան գործողութիւնները կը հակասեն եւրոպական արժէքներուն եւ սկզբունքներուն, եւ, հետեւաբար, երկրի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը փաստացի կանգ առած է, ինչի մասին կը նշուի խորհուրդի Պրիւքսելի մէջ վեհաժողովի աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

«Եւրոպական խորհուրդը կը յիշեցնէ, որ գործողութիւններու այս ընթացքը կը վտանգէ Վրաստանի եւրոպական ուղին եւ տէ ֆաքթօ կը դադրեցնէ անդամակցութեան հոլովոյթը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Եւրոպական խորհուրդը Վրաստանին կոչ ուղղած է ընդունելու «ժողովրդավարական, համապարփակ եւ կայուն բարեփոխումներ` եւրոպական համարկման հիմնական սկզբունքներու համապատասխան»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Եւրոպական խորհուրդի նիստէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է. «Մենք մտահոգուած ենք Վրաստանի մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ. կառավարութեան ձեռնարկած քայլերը փաստացի կը յանգեցնեն Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթի կասեցման»:

«Վրացի ժողովուրդը յառաջիկայ օրերուն պէտք է կատարէ իր ընտրութիւնը», ըսած է Մաքրոն` ակնարկելով 26 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Վրաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Փաւել Կերչինսքին իր կարգին ըսած է. «Եթէ իշխանութիւնը չփոխէ իր քաղաքական գիծը, Վրաստանը շատ աւելի պիտի կորսնցնէ»:

«Եթէ դուք` վրացիներդ, ձեր քուէներով որոշէք չշարունակել Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ուղին, ապա Վրաստանը պիտի կորսնցնէ ամբողջական ֆինանսական աջակցութիւնը, որ նախատեսուած է Եւրոպական Միութեան անդամակցելէ առաջ եղող ժամանակահատուածին համար: Այդ պարագային Վրաստանը պիտի կորսնցնէ այն բոլոր գումարները, որոնք կը ստանան Եւրոպական Միութեան նոր անդամները, յատկապէս ցած տնտեսական զարգացում ունեցող երկիրները», ըսած է Եւրոպական Միութեան դեսպանը:

 

 

Նախորդը

Էրտողան. «Արար Աշխարհը Պէտք Է Իմանայ, Որ Թուրքիան Անիրաւներուն Հակառակորդ Եւ Անիրաւուածներուն Պաշտպան Է»

Յաջորդը

Պարրօ. «Ֆրանսան Գործընկերներու Հետ Կը Քննարկէ Ուքրանիան Անմիջապէս ՕԹԱՆ Հրաւիրելու Կարելիութիւնը»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.