Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 21, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– «ՍՔԱՅ ՆԻՈՒԶ» հաղորդեց, որ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն այսօր Լիբանան պիտի այցելէ:

– ԻՐԱՆԻ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտարարեց. «Լիբանանցի ժողովուրդի հիմնական յենարանը Իրանն ու անոր գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէին են»:

– ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել նշեց. «Թերեւս պէտք է վերատեսութեան ենթարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը, սակայն առաջնահերթութիւնը զինադադարի հաստատումն է»:

Ան նաեւ յայտնեց, որ պաղեստինեան Համաս շարժումի ղեկավար Եահիա Սընուարի սպանութիւնը Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համար նոր հորիզոններ կը բանայ:

– ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին. «Քաղաքային զոհերու թիւը շատ բարձր է: Կ՛ուզենք տեսնել, որ Իսրայէլ կը նուազեցնէ Պէյրութի եւ անոր մերձակայքին վրայ յարձակումները, եւ կ՛ուզենք տեսնել անցում բանակցութիւններու, որոնք երկու կողմերու քաղաքայիններուն կ՛արտօնեն իրենց բնակավայրեր վերադառնալ»:

– ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ շրջանի եւ անկէ դուրս եղող պետութիւններու միջեւ Կազայի եւ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման համար ազդու խորհրդակցութիւններ գոյութիւն ունին:

– ԱՐԱԲԱԿԱՆ լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ յայտնեց. «Լիբանանի կառավարութիւնը միայն իրաւասու է զինադադարի հաստատման համար երկրին անունով բանակցելու»:

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ առտու մեկնեցաւ քանի մը օր տեւողութեամբ եւրոպական շրջապտոյտի, որուն ծիրին մէջ նախ եւ առաջ հասաւ Իտալիա` մասնակցելու համար «Եօթներու խմբակ»-ի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին` ընդառաջելով ներկայիս խմբակին նախագահող Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թայանիի հրաւէրին:

– ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիան 8-րդ օրն ըլլալով շարունակեց իր օդային կամուրջը: Սննդեղէնով, դեղորայքով, մանուկներու կաթով եւ այլ օժանդակութիւններով բեռցուած սէուտական օդանաւ մը երէկ հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց. «Լիբանանի մէջ պատերազմի ընդարձակումով բանակին համար կռիւի իւրաքանչիւր օրուան գինը աւելի քան կէս միլիառ շեքել (շուրջ 135 միլիոն տոլար) է»:

 

 

Նախորդը

Քոփիրքին. «Փութինն Ու Փաշինեանը ՊՐԻՔՍ-ի Վեհաժողովի Հաղորդակցութեան Կարելիութիւններ Պիտի Ունենան»

Յաջորդը

Թրամփ. «Եթէ Նախագահը Ես Ըլլայի, Կազայի Եւ Լիբանանի Մէջ Պատերազմները Չէին Ըլլար»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.