ՄԱԿ-ի Համաշխարհային սննդեղէնի ծրագիրի գործադիր տնօրէնի տեղակալ Քարլ Սքօ յայտնեց. «Լիբանանի մէջ կացութիւնը շատ վատ է, սակայն շատ աւելի վատ կրնայ ըլլալ»:
ԵՈՒՆԻՍԵՖ եւ Համաշխարհային սննդեղէնի ծրագիրը կը յայտարարեն. «Լիբանանի մէջ տեղահանուածներու կարիքները կ՛աճին, եւ յաւելեալ ֆինանսաւորման կարիք ունին»:
ՄԱԿ-ի երկու կազմակերպութիւնները հաղորդեցին. «1 միլիոն 200 հազար մարդիկ ազդուեցան Լիբանանի մէջ տիրող տագնապէն: Պէտք է յարգել միջազգային մարդասիրական օրէնքը եւ առաջնահերթութիւն տալ Լիբանանի մէջ քաղաքայիններու պաշտպանութեան»:
ԵՈՒՆԻՍԵՖ եւ Համաշխարհային սննդեղէնի ծրագիրը նշեցին. «Լիբանանի մէջ մարդասիրական ընդառաջումը շտապ կերպով պահանջուած է, եւ ընտանիքները վտանգաւոր կացութիւններու մէջ կ՛ապրին»:
«Շուրջ 190 հազար տեղահանուածներ Լիբանանի մէջ աւելի քան 1000 պատսպարանի մէջ կ՛ապրին», յայտնեցին երկու կազմակերպութիւնները:


