Ռուսիոյ եւ Հիւսիսային Քորէայի նման վարչակարգերու միջեւ դաշինքը կը խորանայ: Խօսքը այլեւս միայն զէնքի տեղափոխման մասին չէ, այլ նաեւ իրականութեան մէջ Հիւսիսային Քորէայէն մարդոց` բռնագրաւող ռազմական ուժերու (Ռուսիոյ, «Ա.») շարքեր տեղափոխման մասին է: Այս մասին «Թելեկրամ»-ի վրայ գրած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի:
«Ակնյայտ է, որ նման պայմաններու մէջ գործընկերներու հետ մեր յարաբերութիւնները պէտք է առաւել եւս զարգանան: Առաջնագիծը աւելի մեծ աջակցութեան կարիք ունի», ըսած է Զելենսքի:
Անոր պնդումով` պէտք է Ռուսիոյ վրայ ճնշումը մեծցնել:
«Ճնշումը պէտք է աւելի ուժեղ ըլլայ, քան Ռուսիան կրնայ դիմակայել: Եւ ատիկա աւելի մեծ պատերազմ կանխարգիլելու մասին է: Իսկական խաղաղութեան կարելի է հասնիլ միայն ուժի միջոցով, եւ ամբողջ յաջորդ շաբաթը նուիրուած պիտի ըլլայ մեր գործընկերներուն հետ աշխատելուն` յանուն այդպիսի ուժի, յանուն իսկական խաղաղութեան», ըսած է Զելենսքի:


