Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի կազմակերպած Ազգերու լիկայի մրցաշարքը կը շարունակուի այսօր եւ վաղը, երբ վերջ կը գտնեն 4-րդ շաբթուան մրցումները:
Ա. կարգի Բ. խմբակին մէջ, Պելճիքա պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսան, Պրիւքսելի Պոտուեն թագաւորի անուան դաշտին վրայ:
Պելճիքա, որ Իտալիոյ դէմ մրցումին անյոյս կ՛երեւէր` 2-0 ետ մնալէ ետք, սակայն օգտուեցաւ մրցակից խումբի կարմիր քարտէ մը եւ վերագտաւ ինքզինք երկու կոլ նշանակելով: Մարզիչ Մոմենիքօ Թետեսքօ պէտք է լուծում գտնէ պաշտպանողական գիծի վրայ, մանաւանդ որ վերջին 4 մրցումներուն անպայման կոլ կը ստանան: Աւելի մտահոգիչ բան մըն ալ կայ. ՖԻՖԱ-ի լաւագոյն 10 դիրքերը գրաւող խումբերուն դէմ Պելճիքա 3 տարիէ ի վեր յաղթանակ չէ արձանագրած` կրելով 7 պարտութիւն եւ արձանագրելով 2 հաւասարութիւն:
Վերջին անգամ 2015-ին Պելճիքա կրցած է յաղթել Ֆրանսային, որ վերջին 4 ճակատումներուն կրցած է յաղթական դուրս գալ (2-0, 1-0, 3-2 եւ 1-0):
Գ. խմբակին մէջ, Միւնիխի «Ալիանց Արենա»-ին մէջ Գերմանիա պիտի հիւրընկալէ Նետերլանտները: Նետերլանտներու խմբապետ Վիրճել Վան Տայք պիտի բացակայի` կարմիր քարտ ստանալէ ետք Հունգարիոյ դէմ մրցումին, մինչ Գերմանիա արդէն իսկ վիրաւորներու երկար ցանկ մը ունի, որ սկսաւ բերդապահ Թեր Շթեկընի հետ, աւելի ուշ Ժամալ Մուսախալա, Քայ Հավերց եւ Տաւիտ Ռաում իրենց կարգին վիրաւորուեցան:
2019-էն ի վեր երկու մրցակիցները 5 անգամ մրցած են իրար դէմ, ուր Գերմանիա 2 յաղթանակ արձանագրած է, երկու մրցում հաւասարութեամբ աւարտած է, իսկ նարնջագոյն»-ները 2019-ին կրցած են յաղթել մրցումի մը:
Նետերլանտներ շատ մտահոգուելիք բան չունին, նկատի ունենալով, որ առանց Վան Տայքի 11 մրցումներ կատարած են` կրելով միայն 1 պարտութիւն` 8 յաղթանակի դիմաց:
Գերմանիոյ «նոր» յառաջապահ Տենիզ Ունտաւ 5-րդ մրցումը կատարեց ազգային խումբին հետ ուրբաթ օր` նշանակելով 2 կոլ Պոսնիոյ դէմ: Ծագումով քիւրտ-եզիտի ընտանիքի անդամ Ունտաւ, որ Շթութկարթի յառաջապահն է, լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, մինչ Գերմանիոյ ազգային խումբին նոր միացած Թիմ Քլայնտինսթ (Մէօնշընկլատպախ), Եոնաթան Պուրքարտ (Մայնց) եւ բերդապահ Ալեքսանտր Նուպել (Շթութկարթ) բաւական լաւ ելոյթ ունեցան:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 3-րդ շաբթուան արդիւնքները եւ 4-րդ շաբթուան մնացեալ մրցումներու յայտագիրը.
Պոսնիա – Գերմանիա 1-2
Հունգարիա – Նետերլանտներ 1-1
Չեխիա – Ալպանիա 2-0
Իսլանտա – Կալես 2-2
Թուրքիա – Մոնթենեկրօ 1-0
Ուքրանիա – Վրաստան 1-0
Էսթոնիա – Ազրպէյճան 3-1
Սլովաքիա – Շուէտ 2-2
Խրուաթիա – Սկովտիա 2-1
Լեհաստան – Փորթուգալ 1-3
Սերպիա – Զուիցերիա 2-0
Սպանիա – Դանիա 1-0
Լիթուանիա – Քոսովօ 1-2
Պուլկարիա – Լիւքսամպուրկ 2-0
Պիելոռուսիա – Ռումանիա 0-3
Այսօրուան յայտագիրը.
Պելճիքա – Ֆրանսա
Պոսնիա – Հունգարիա
Գերմանիա – Նետերլանտներ
Իտալիա – Իսրայէլ
Վրաստան – Ալպանիա
Իսլանտա – Թուրքիա
Ուքրանիա – Չեխիա
Կալես – Մոնթենեկրօ
Ազրպէյճան – Սլովաքիա
Էսթոնիա – Շուէտ
ՎԱՂԸ`
Լեհաստան – Խրուաթիա
Սկովտիա – Փորթուգալ
Սպանիա – Սերպիա
Զուիցերիա – Դանիա
Պիելոռուսիա – Լիւքսամպուրկ
Քոսովօ – Կիպրոս
Լիթուանիա – Ռումանիա
Հիւսիսային Իրլանտա – Պուլկարիա


