Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենք` Լիբանանահայութիւնը

October 14, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Լիբանան դարձեալ կ՛ապրի ճակատագրական օրեր: Հարուածը մեծ է, մտահոգութիւնները` աւելի մեծ, իսկ անորոշութիւնը կլանած է իւրաքանչիւր անհատի առօրեան: Ապահովական, ընկերային, տնտեսական, առողջապահական ծանր մարտահրաւէրներու տակ կքած` բոլորս կը սպասենք հրաշքին: Այո՛, այլեւս շա՛տ յոգնած, հիասթափուած եւ ամենավատը` փրկութիւնը աղօտ տեսնելու տառապանքը խճճած է մեր կեանքը:

Բոլոր փուլերուն նման, սակայն, այս կացութեան ալ վերջ մը կայ: Աւելի քան յիսուն տարիներու կենսափորձը այդ կը վկայէ: Կայ նախընթաց` մարդիկ ուշ կամ կանուխ պիտի շտկեն իրենց մէջքը եւ դարձեալ վերականգնեն բնականոն կեանքի երթը եւ հին դիպաշարերու կողքին, նոր էջեր պիտի աւելնան լիբանանահայ համայնքի յուշամատեանին մէջ:

Ըլլանք անկեղծ, այս փուլի հետեւանքներն ալ կրնան իրենց անխուսափելի ժխտական անդրադարձը ունենալ: Այո՛, ստեղծուած ծանր իրավիճակը պիտի անդրադառնայ համայնքի աշխատանքային բոլոր ոլորտներուն եւ որակական ճառագայթումին: Վերջ ի վերջոյ պատերազմ է եւ պատահածը անհետեւանք չի կրնար անցնիլ:

Այս բոլորը բացարձակ իրականութիւն ըլլալով հանդերձ, կայ մետալին միւս երեսը: Լիբանանը տակաւին Լիբանան է: Թող զարմանալի չթուի բոլորին այս դժնդակ պայմաններուն մէջ նաեւ հաստատելու, որ մայրիներու երկիրը իր իւրայատկութիւններով եւ ընձեռած կարելիութիւններով հայութեան համահայկական երթի շարունակականութեան եւ մարդուժի պատրաստութեան համար անփոխարինելի միջավայր է եւ պիտի շարունակէ մնալ իբրեւ այդպիսին:

Բնական է, որ այսպիսի ճակատագրորոշ փուլերու իւրաքանչիւր անհատ, իր անձնական պայմաններէն ելլելով, ունենայ պատկերացումներ, ապրի տագնապներ եւ խարխափումներ, կայացնէ կեանքի արմատական ու անկիւնադարձային որոշումներ: Այս բոլորը մարդկային պարտաւորութիւններէ բխած` իր արդար իրաւունքն է: Նման կացութիւններու մէջ այսպիսի պարագաներ միշտ ալ հասկնալի են: Մի՛ւս կողմէ սակայն անհատը` իր որդեգրած կամ որդեգրելիք քայլին համար իրաւունք չունի համայնքի ապագայի հաշուոյն եզրակացութիւններ ձեւակերպելու եւ շինծու մթնոլորտ ստեղծելու` պարզապէս արդարացնելու համար իր որդեգրելիք այս կամ այն քայլը, երբ արդարացման կարիքն ալ չունի երբէ՛ք:

Այո՛, նման փուլերու զգացականութիւնը կը դառնայ գերիշխող: Դժուարութեան մատնուած ու ճնշումի տակ կքած` բնականաբար մարդ կ՛ունենայ կողմնորոշումի դժուարութիւն, սակայն ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, միւս կողմէ անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւրը իր զուտ անհատական որոշումը կայացնելու համար հաւաքական կեանքի մէջ չներարկէ խուճապի, անկարողութեան եւ յուսաբեկումի մթնոլորտ:

«Մենք` լիբանանահայութիւն» ամրագրուած հասկացողութիւնը յաղթանակի, նուաճումի եւ իրագործումներու հպարտութիւն առթող ու ապրեցնող հաւաքական արտայայտութեան խորհրդանիշ չէ միայն, այլ այդ «Մենք»-ը պէտք է հարազատօրէն արտացոլայ նաեւ տագնապի դժուար եւ օրհասական այս օրերուն: «Մենք»-ով կարելի պիտի ըլլայ հարազատօրէն շրջանցել նաեւ այս տագնապը եւ վերականգնել կենսունակութիւն ու աշխուժութիւն:

Այդ «Մենք»-ին մէջ յանձնառու պիտի ըլլանք այս դժուար կացութեան մէջ կորովը ու հաւատքը անխախտ պահելու: Այս մէկը լոզունգ չէ, այլ` ապրելու ու գոյատեւելու հաստատ համոզումի արտայայտութիւն եւ աննահանջ երթի ըմբռնողութիւն, որ խարսխուած է տարիներու դիպաշարերու, փորձառութիւններու եւ ամրագրուած ճշմարտութեանց վրայ:

Մինչ այդ յուսանք եւ ակնկալենք, որ տագնապի այս փուլն ալ արագ աւարտի եւ երկիրը վերջնականապէս վերագտնէ իր կայուութիւնն ու խաղաղութիւնը եւ մենք պատրաստ ըլլանք դարձեա՛լ նոյն կորովով, խանդավառութեամբ, յոյսով ու վճռակամութեամբ սատարելու Լիբանան հայրենիքի վերածաղկումին ու լիբանանահայ գաղութի առաքելութեան անշէջ շարունակականութեան:

 

 

Նախորդը

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (4). Կրթական Համակարգի Քայքայման Վտանգը

Յաջորդը

Լուրեր «Սերի Ա.»-էն

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.