Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրան. «Պատերազմի Չենք Ձգտիր Սակայն…»

October 12, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մնայուն ներկայացուցիչ Սայիտ Իրուանի յայտարարեց. «Պատերազմի չենք ձգտիր, սակայն պատրաստ ենք մեր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու` մեր անվտանգութեան ու շահերուն վրայ որեւէ յարձակումէ»:

«Միջազգային օրէնքին համաձայն, որեւէ յարձակումի դիմաց պիտի կիրարկենք ինքնապաշտպանութեան մեր բնական իրաւունքը», ըսաւ ան:

«Իսրայէլը միջազգային խաղաղութեան վտանգ կը ներկայացնէ, եւ անոր թշնամական արարքները շրջանը դէպի համապարփակ պատերազմ կը մղեն», նշեց ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մնայուն ներկայացուցիչը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Եթէ Իսրայէլ Իրանի հիւլէական կառոյցները թիրախաւորէ, ատիկա շատ վտանգաւոր սադրանք մը պիտի ըլլայ»:

«Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը մօտէն կը հետեւի Իրանի հիւլէական գործունէութեան, եւ անոր ռազմականացման որեւէ փաստ չի տեսներ» նշեց Լաւրով:

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը Իրանի վրայ Իսրայէլի մեծ յարձակում մը գործելը կ՛ընդունի, սակայն այն մտավախութիւնը ունի, որ որոշ թիրախներու հարուածումը շրջանային պատերազմի յանգեցնէ:

«Աքսիոս» նշեց, որ հաւանական է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը Ուաշինկթըն այցելէ:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնած է, թէ Իրանին հակադարձելու վերաբերեալ Ուաշինկթընի հետ տարակարծութիւնները կրճատուած են, սակայն իսրայէլեան մտադրութիւնը տակաւին Ամերիկայի ուզածէն քիչ մը աւելի կարծր է:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռը հաղորդեց. «Նախարարաց սեղմ խորհուրդը տակաւին Իրանին հակադարձելու բնոյթին վերաբերեալ որոշում մը չտուաւ»:

Ապահովական աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին յայտնած է. «Իրանին հակադարձելու որոշումին շուրջ քուէարկութիւնը յետաձգուեցաւ մինչեւ գործադրութեան մօտենալը»:

Ծոցի շրջանէն աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին. «Ծոցի երկիրները Ուաշինկթընի վրայ ճնշում կը բանեցնեն, որպէսզի Իսրայէլի արգիլէ իրանեան քարիւղի դաշտերուն վրայ յարձակիլ»:

Նախորդը

Ազգերու Լիկայի Մրցաշարք. Հայաստան 1 Կէտով Հեռացաւ Ֆարօ Կղզիներէն

Յաջորդը

Ալիեւ` Փոտեսթային. «Պաքուն Կ՛աջակցի Խաղաղութեան Օրակարգին»

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.