Հայկական երեսփոխանական պլոքը երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին խորհրդակցութիւնը յատկացուած էր երկրին մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակին, գաղթականական ալիքին եւ ներլիբանանեան քաղաքական դաշտի մթնոլորտին:
Հանդիպումի աւարտին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի յայտարարեց, որ համատեղ քննարկումի ընթացքին արծարծուած են հետեւեալ կէտերը.
ա.- Զօրակցութիւն խորհրդարանի նախագահին նախաձեռնութեան` հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան օրակարգը իրականացնելու նպատակով:
բ.- Պահանջ` ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի կիրարկման:
գ.- Հրամայական` անմիջական հրադադարի հաստատումին:
դ.- Զգաստութիւն եւ զգուշաւորութիւն ներքին համերաշխութիւնը պահպանելու, միաւորուելու եւ երկրին սպառնացող սուր տագնապները միասնաբար դիմագրաւելու:


