Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ «Լ՛Օրիան Թուտէյ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ գրեց. «Իսրայէլը մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակէ զոհի դերը խաղալ եւ հաշուետուութենէն փախուստ տալ, մինչ կը գործադրէ այն նոյն բռնութիւնը, որմէ հրեաները անցեալին տառապեցան` զայն կիրարկելով անմեղներու դէմ, որոնք այդ ահաւոր օրերուն հետ որեւէ կապ չունին»:
«Ժամանակն է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ անոր արարքները նկատելու իսկական սպառնալիք մը յարաբերութիւններուն, որոնք Միացեալ Նահանգներ կ՛ըսեն, թէ կ՛ուզեն ունենալ այս շրջանի ժողովուրդներուն հետ», նշեց ան:
«Բոլոր կողմերուն, միջազգային ու շրջանային, Իրանին եւ Իսրայէլին, կոչ կ՛ուղղենք յարգելու մեր գերիշխանութիւնը` իբրեւ անկախ պետութիւն մը, որ զինադադարի եւ արիւնահեղութեան դադրեցման կը ձգտի», աւելցուց ան:
Թէյմուր Ժոմպլաթ կեդրոնացաւ «բոլոր կողմերուն ուղղուած հրաւէրին վրայ` դադրելու այս երկիրն ու դրացի պետութիւնները ներքաշելէ փոխան ուրիշին պատերազմներու մէջ, որոնք միայն տառապանք, մահ եւ քանդում կը բերեն: Լիբանանի մէջ բոլոր քաղաքական ուժերուն կոչ կ՛ուղղենք` շտապ համաձայնութիւն գոյացնելու, միաւորելու եւ ընտրելու հանրապետութեան համաձայնական նախագահ մը, եւ կազմելու կառավարութիւն մը` փրկելու համար այն, ինչ որ մնացած է այս երկրէն, որ պատերազմներէ, ձախողումներէ եւ ոտնահարումներէ շատ տառապեցաւ»:
Երեսփոխան Ժոմպլաթ նաեւ կոչ ուղղեց` ըսելով. «Գործի լծուեցէ՛ք, նախքան որ բռնութեան ոլորապտոյտը մեզ կուլ տայ: Պէտք է շուտով վերստին գործադրել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը, եւ լիբանանեան բանակը պէտք է ստանձնէ իր օրինական դերակատարութիւնը»:


