– «ՄԻՏԸԼ ԻՍԹ» օդանաւային ընկերութեան վարչական խորհուրդի նախագահի խորհրդական Մոհամետ Ազիզ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Երաշխիքներ ունինք, թէ Պէյրութի օդակայանը հակամարտութենէն զերծ կացուցուած է, եւ մենք այդ հիմամբ կը գործենք»:
«Պէյրութի օդակայանը լաւ վիճակի մէջ է, եւ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը երբեք ճամբորդի մը կեանքը չէ վտանգած եւ թռիչքի տոմսերուն գիները չէ բարձրացուցած, եւ երէկ այդ առնչութեամբ շրջաբերական մը հրապարակեցինք», աւելցուց Ազիզ:
– «ԷԼ. ՊԻ. ՍԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, 23 սեպտեմբերէն մինչեւ երէկ Լիբանան-Սուրիա սահմանային Մասնաա անցակէտէն անցած են 236 հազար սուրիացի գաղթականներ եւ 60 հազար լիբանանցիներ:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Նիլ Ուիկըն յայտնած է. «Պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման բանակցութիւններ սկսիլ»:
– ԹՈՒՐՔԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ այսօր Թուրքիոյ շուրջ 2000 քաղաքացիներ ծովու ճամբով Լիբանանէն պիտի տարհանէ: Այդ նպատակով թրքական ծովուժի երկու նաւեր երէկ Մերսին նաւահանգիստէն ճամբայ ելած են դէպի Պէյրութ:
– ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել շեշտեց. «Լիբանանի մէջ կացութիւնը օր ըստ օրէ կը վատթարանայ»` շեշտելով. «Պէտք է զինադադար հաստատել»:
Պորել Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ աւելցուց. «Տուեալներուն համաձայն, լիբանանցիներուն շուրջ 20 առ հարիւրը ստիպուեցան տեղահանուիլ»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ յայտնեց. «Կը հաստատենք, որ մեր ուժերը տարածուած են ամբողջ երկրի տարածքին, ներառեալ հարաւային սահմանները»:
– ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Հըզպալլայի եւ Իրանի դաշնակիցներուն Իսրայէլի վրայ յարձակումները պէտք է դադրին»:


