Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Ռուսիոյ Հետ Խաղաղութեան Հաստատման Մասին` Զելենսքի. «Տարածքներու Շուրջ Առեւտուր Պիտի Չըլլայ»

October 8, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի կը պնդէ, որ Ուքրանիոյ մէջ «յուսալի խաղաղութիւն» կարելի է միայն միջազգային օրէնքի հիման վրայ եւ առանց գերիշխանութեան կամ տարածքի առեւտուրի:

«Այն ամէնը, ինչ որ նշուած է «յաղթանակի ծրագիր»-ին մէջ, բացարձակապէս իրական է մեր գործընկերներու համար: Աշխարհի վրայ կայ այս ներուժը, հզօրացման ներուժ, որ մեզ կ՛արտօնէ յառաջ շարժիլ «խաղաղութեան բանաձեւ»-ով: Մեր խնդիրն է` երաշխաւորել Ուքրանիոյ յուսալի խաղաղութիւն, երկարաժամկէտ անվտանգութիւն, ատիկա կարելի է բացառապէս միջազգային օրէնքի հիման վրայ եւ առանց գերիշխանութեան կամ տարածքներու առեւտուրի, ճիշդ ինչպէս նախատեսուած է «խաղաղութեան բանաձեւ»-ով», ըսած է ան:

Զելենսքի յիշեցուցած է, որ Ուքրանիոյ անհրաժեշտ է «իրական, արդար խաղաղութիւն, երաշխաւորուած պաշտպանութիւն պատերազմէն»: Անոր համաձայն, ատիկա կարելի է միայն ամուր դիրքերու մէջ եւ միայն այն պարագային, երբ ուքրանացի ժողովուրդն ու անոր գործընկերները իսկապէս միասնական ըլլան:

«Մենք ճիշդ ատոր համար կ՛աշխատինք», ըսած է նախագահը:

Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը վերջերս` վկայակոչելով իրազեկ աղբիւրներ գրած էր, որ արեւմուտքցի դիւանագէտները եւ Ուքրանիոյ մէջ հետզհետէ յաւելեալ պաշտօնատարներ համաձայնութեան կու գան այն գաղափարին շուրջ, որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը դադրեցնելու ամէնէն հաւանական փոխզիջումը կրնայ ըլլալ այն տարազը, ուր Քրեմլինը տէ ֆաքթօ սակայն ոչ տէ ժիւրէ կը պահպանէ ուքրանական բռնագրաւուած տարածքները, իսկ Քիեւը ատոր դիմաց կը ստանայ ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան եւ անվտանգութեան երաշխիքներ դաշինքէն:

Նախորդը

Ուքրանիան Խրիմի Մէջ Ռուսիոյ Քարիւղի Ծովային Ծայրամասը Հարուածած Է. Յայտարարուած Է Արտակարգ Կացութեան Դրութիւն

Յաջորդը

Էրտողան. «Իսրայէլ Ուշ Կամ Կանուխ Պիտի Վճարէ Գինը Ցեղասպանութեան, Որ Կը Շարունակէ Մէկ Տարիէ Ի Վեր Գործել»

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.