Շաբաթավերջին վերջ գտաւ Ուզպեքիստանի մէջ տեղի ունեցած ֆութսալի մոնտիալը` Պրազիլի յաղթանակով:
Աւարտականին Պրազիլ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Արժանթինը: Ֆեռաօ եւ Ռաֆա Սանթոս նշանակեցին Պրազիլի կոլերը, իսկ Ռոսա` Արժանթինի միակ կոլը:
Արժանթին 2021-ին ալ Լիթուանիոյ մէջ կրցած էր հասնիլ աւարտական, բայց պարտուած էր Փորթուգալէն` 2-1 արդիւնքով:
Պրազիլ վրէժ կրցաւ լուծել Արժանթինէն, որ նախկին մոնտիալին 2-1 արդիւնքով յաղթած էր կիսաւարտականին:
Այս անգամ Փորթուգալ 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրած էր Ղազախստանէն, Բ. հանգրուանին:
Երրորդ դիրքը գրաւեց Ուքրանիա, որ 7-1 արդիւնքով լայն յաղթանակ մը տարաւ Ֆրանսայի դէմ:
Կիսաւարտականին Պրազիլ 3-2 արդիւնքով յաղթած էր Ուքրանիոյ, իսկ Արժանթին նոյն արդիւնքով` Ֆրանսային:
Պրազիլցի Մարսել դարձաւ մրցաշարքի կոլ-սքորըր 10 կոլով, մինչ մրցաշարքի լաւագոյն մարզիկներն էին Տիեկօ (Պրազիլ, առաջին), Մարլոն (Պրազիլ, երկրորդ) եւ Ռոսթիսլաւ (Ուքրանիա, երրորդ): Լաւագոյն բերդապահի տիտղոսը ստացաւ Պրազիլի բերդապահ Ուիլիան, իսկ մաքուր ֆութպոլի տիտղոսը շահեցաւ Փորթուգալ:


