«Լա լիկա»-ի 9-րդ հանգրուանին գծով Ալաւեսի դէմ հեթ-թրիք իրագործելէ ետք, լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի 30 տարեկանէն վերջ նշանակած կոլերու հաշիւը բարձրացուց 184-ի:
Մինչեւ 2022 Լեւանտովսքի Պայերն Միւնիխին մաս կը կազմէր, ապա միացաւ Պարսելոնային:
Միայն երկու ֆութպոլիստներ կան, որոնք 30 տարեկանէն ետք աւելի կոլ նշանակած են, քան Լեւանտովսքի: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 207 կոլ նշանակած է, իսկ Զլաթան Իպրահիմովիչ` 191: Լաւագոյն 5-ը կ՛ամբողջացնեն Անթոնիօ Տի Նաթալէն (162 կոլ) եւ Լիոնել Մեսսին (147 կոլ):


