Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Կը Սերտէ Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետի Եւ Յեղափոխական Պահակագունդի Համալիրներուն Թիրախաւորման Կարելիութիւնը

October 7, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլ Իրանի վրայ սպասուող իր յարձակումին թիրախներու ցուցակը կազմած է, իսկ Թեհրան նշեց, որ ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ իսրայէլեան որեւէ յարձակումի:

Պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլ կը սերտէ իրանեան քարիւղի կառոյցներ, նախագահական համալիրը, գերագոյն հոգեւոր պետի նստավայրը եւ Յեղափոխական պահակագունդի կեդրոնատեղին հարուածելու կարելիութիւնը:

Պատկերասփիւռը նաեւ հաւանական նկատեց, որ յարձակումը ներառէ «զինուորական խորհրդանշական թիրախներ», ինչպէս` այն ռազմակայանը, ուրկէ 1 հոկտեմբերին Իսրայէլի վրայ յարձակում կատարուեցաւ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը նշեց, որ Իրանին հակադարձելու որոշումը տրուած է, սակայն տակաւին ձեւին ու ժամկէտին շուրջ քննարկումներ տեղի կ՛ունենան, եւ Իսրայէլ կը նախընտրէ սպասել, մինչեւ որ Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը ապահովէ եւ ապա Իրանի վրայ մեծ յարձակում գործէ:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռը շաբաթ օր հաղորդեց, որ կառավարութիւնը որոշած է Իրանի վրայ «ուժեղ եւ մեծ» յարձակում շղթայազերծել` աւելցնելով, որ պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են Ուաշինկթընի հետ համակարգումով:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը բոլոր ճակատներուն վրայ իր պատրաստուածութեան մակարդակը կը բարձրացնէ եւ Իրանի մէջ մեծ գործողութեան մը կը պատրաստուի»:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» շաբաթ օր հաղորդեց. «Իսրայէլ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին Իրանի վրայ յարձակում պիտի գործէ, եւ շրջանին մէջ ամերիկեան ուժերուն հրամայուած է պատրաստ վիճակի մէջ ըլլալ:

Մինչ այդ, «Ժազիրա» հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը շաբաթ օր յարձակում գործած է Լիբանան-Սուրիա-Յորդանան սահմաններուն միջեւ եռանկիւն կազմող շրջանին վրայ:

Նշենք, որ Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավարը շաբաթ օր այցելեց Իսրայէլ, մինչ Իրանի վրայ յարձակումի պատրաստութիւններ տեղի կ՛ունենան:

 

Նախորդը

Սուրիան Պրիքս-ին Միանալու Դիմում Ներկայացուցած Է

Յաջորդը

Մաքրոն. «Ֆրանսան Կանգնած Է Հայ Եղբայրներու Կողքին` Յարգելու Անոնց Գերիշխանութիւնն Ու Տարածքային Ամբողջականութիւնը»

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.