Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատուն. Մանկապարտէզի Երրորդ Դասարանի Դասագիրքի Ծրարի Ներկայացում

October 7, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դպրոցական վերամուտի սեմին եւ մանկապարտէզի երրորդ դասարանի դասագիրքի լոյս ընծայման առիթով, երկուշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2024-ին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հրաւէրով, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու մանկապարտիզպանուհիներու եւ մանկապարտէզի երրորդ դասարաններու հայերէնի դասաւանդ ուսուցիչներու հանդիպում մը:

Այս առիթով ներկայացուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նոր հրատարակութիւնը` մանկապարտէզի երրորդ դասարանի դասագիրք ծրարը, որ կը բովանդակէ` դասագիրք, գրավարժութեան տետրակ, վարժութիւններու տետրակ, բանալի բառերու ծրար, ֆլաշ քարտեր, 8 որմազդ եւ ուսուցիչի ուղեցոյց: Շուտով լոյս պիտի տեսնէ նաեւ դասագիրքին ուղեկից պատմութիւններու գիրքը:

1. Դասագիրքի Ա. եւ Բ. ծրարներու բովանդակութիւն                    2. Դասագիրքի երրորդ ծրար

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսած այս ծրարի պատրաստութեան խումբը կը բաղկանայ` Թալին Եահնիեանէ, Սեդա Մածունեանէ եւ Արազ Քէլէշեանէ: Մանկավարժական խորհրդատուութիւնը կատարած է  Սիլվա Փափազեան, իսկ լեզուական խորհրդատու` Թամար Գասապեան: Ծրարի գեղարուեստական ձեւաւորումը կը պատկանի Ալեքս Մանուկեանին, իսկ նկարազարդումը կատարած է Գէորգ Սարգիս Մանուկեան (Մանուկեանց սթիւտիօ): Պատրաստութեան աշխատանքներու համակարգողն է Արին Գալուստեան:

 Ինչպէս նախկին երկու ծրարներու պարագային, որոնք լոյս տեսան անցեալ տարիներուն եւ արդէն իսկ կը կիրարկուին լիբանանահայ եւ սփիւռքի շարք մը վարժարաններու կողմէ, այս ծրարի մեկենասութեան հովանաւորութիւնը նաեւ ստանձնեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը:

Հանդիպման ընթացքին Սեդա Մածունեան եւ Թալին Եահնիեան անդրադարձան ծրարի պատրաստութեան հոլովոյթին, բովանդակութեան, դասաւանդման ուղիներուն եւ պատասխանեցին ուսուցիչներու հարցումներուն:

Ծրարը արդէն այս տարուընէ սկսեալ պիտի օգտագործուի հայկական վարժարաններու կողմէ:

Նախորդը

Ներկայացում` Մանկապարտէզի Երրորդ Դասարանի Դասագիրքին

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2024-ի Իններորդ Թիւը

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.