Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի գնահատեց լիբանանեան կառավարութեան թափած ջանքերը` ապահովելու համար Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով ներքին տեղահանուածներու հիմնական կարիքները, հակառակ ունեցած սահմանափակ կարելիութիւններուն:
Ան կառավարութեան կոչ ուղղեց` այս առումով կրկնապատիկ եւ աւելի մեծ ճիգ թափելու, նշելով, որ «ան կարող է այդ մէկը կատարելու»` աւելցնելով նաեւ, որ ինք կ՛որդեգրէ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կոչը, որ ան յղեց նուիրատու երկիրներուն եւ առնչակից մարդասիրական կողմերուն:
Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց արաբական եղբայրական պետութիւններուն եւ բարեկամ պետութիւններուն, «որոնք ձեռնարկեցին շտապ օժանդակութիւններ ուղարկելու»: Ան ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց` փրկարարական նիւթեր ապահովող եւ Լիբանանի վրայ հաստատուած իսրայէլեան օդային պաշարումը խզող օդային կամուրջ հաստատելու»:
«Մեր շնորհակալութիւններն ու գնահատականը լիբանանցիներուն, բոլոր լիբանանցիներուն եւ քաղաքական ու հոգեւոր ուժերուն, բոլոր հասարակական կազմակերպութիւններուն, բոլոր շրջաններուն մէջ, ընդունելնուն համար հարաւային Լիբանանէն, Պեքաայէն, Հարաւային արուարձաններէն Պէյրութ տեղահանուած մեր հարազատները, զորս իսրայէլեան յարձակումն ու քանդող անոր մեքենան անիրաւաբար դուրս բերին իրենց բնակավայրերէն»:
Պըրրի նաեւ գնահատեց գաղթականներուն մեծ համբերութիւնը, տառապանքն ու զոհաբերութիւնները` անոնց կոչ ուղղելով «խուսափելու որեւէ պարագայի սեփական կալուածներու վրայ որեւէ ոտնձգութենէ»:
Ան Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին ու Լիբանանի Կարմիր խաչին կոչ ուղղեց «իրենց պարտականութիւնները կատարելու` սննդեղէնի ու դեղորայքի մատակարարումները հարաւ հասցնելու համար»:


