Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խամենէի. «Նասրալլային Երթը Պիտի Շարունակուի, Եւ Դիմադրութեան Հարուածները Աւելի Ուժեղ Ու Յստակ Պիտի Ըլլան»

September 30, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց. «Նահատակ Ապպաս Մուսաուիի (Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար, «Ա.») արիւնը չմսխուեցաւ, եւ նահատակ սէյիտ Հասան Նասրալլայի արիւնն ալ պիտի չմսխուի»:

Ան Իրանի մէջ հնգօրեայ սուգ յայտարարեց:

«Դիմադրութեան սէյտին երթը պիտի շարունակուի, եւ Դիմադրութեան սիոնական գոյացութեան մարմինին հասցուցած հարուածները աւելի ուժեղ պիտի ըլլան», յայտնեց Խամենէի:

«Դիմադրութեան ճակատը ականաւոր ղեկավար մը կորսնցուց, Հըզպալլան աննախադէպ ղեկավար մը կորսնցուց, սակայն անոր տասնամեակներ տեւած պայքարին բարիքները երբեք պիտի չկորսուին: Լիբանանի մէջ անոր դրած եւ այլ ճակատներ արտածած պայքարին հիմքերը անոր կորուստով պիտի չկորսուին, այլ անոր արիւնով եւ այս դէպքի նահատակներուն արիւնով պիտի զօրանան: Սիոնական գոյացութեան չար նպատակները այս դէպքով յաղթանակ չարձանագրեցին», աւելցուց այաթոլլա Խամենէի:

«Դիմադրութեան սէյիտը անձ մը չէր, այլ ուղի մը եւ դպրոց մը, եւ այս ուղին պիտի շարունակուի», աւելցուց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը:

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան իր կարգին յայտնեց. «Ամերիկան չի կրնար Նասրալլայի սպանութեան մէջ իր մեղսակցութիւնը հերքել»:

«Խաւարի դէմ պայքարին դրօշը պիտի չիյնայ, եւ Դիմադրութեան մէջ ականաւոր անձնաւորութիւններու, եւ անոնց առաջինին` Նասրալլայի կորուստը Դիմադրութեան ծառը աւելի տոկուն ու ուժեղ պիտի դարձնէ», նշեց Իրանի նախագահը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութիւնը անպատասխան պիտի չմնայ, անիկա պիտի աւելցնէ Հըզպալլայի ուժը անիկա պիտի չցնցէ Դիմադրութիւնը»:

«Մենք Ամերիկան մեղսակից կը նկատենք Նասրալլայի ահաբեկման ոճիրին, եւ ան չի կրնար այդ իրականութենէն պրծիլ», նշեց Արաղչի:

«Սիոնական գոյացութիւնը շրջանին մէջ ապագայ չունի, եւ Կազայի, ապա Լիբանանի մէջ անոր ոճիրները անոր պիտի չարտօնեն հանդարտութիւն վայելել», ըսաւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

«Շրջանին մէջ համապարփակ պատերազմ ծագելու վտանգ կայ, կացութիւնը աւելի վտանգաւոր դարձաւ, եւ բոլոր կարելիութիւնները ի զօրու են», շեշտեց ան:

 

 

Նախորդը

Քըրպի. «Անկասկած, Հըզպալլան Այսօր Հազիւ Մէկ Շաբաթ Առաջ Մեր Ճանչցած Նոյն Կուսակցութիւնը Չէ»

Յաջորդը

Միքաթի. «Պատերազմը Որքան Ալ Երկարի, Ի Վերջոյ Պիտի Վերադառնանք Թիւ 1701 Որոշումին»

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.