Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարածքային Ազրպէյճանական Ախորժակներ

September 24, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Երկիրներու հողային ամբողջականութեան պահպանումը եւ միջազգային ու հարեւան պետութիւններու կողմէ ճանաչումը չափազանց կարեւոր գործօններ են պատերազմներէ խուսափելու եւ սահմանային խախտումներ կանխարգիլելու իմաստով: Երբ պետութիւն մը հրապարակաւ կը ճանչնայ սահմանակից դրացի պետութեան հողային ամբողջականութիւնը եւ տարածքը, կը նշանակէ, որ կը յարգէ տուեալ տարածքը եւ զերծ կը մնայ հողեր գրաւելու արկածախնդրութենէն:

Ազրպէյճանի պարագային նման բան կարելի չէ ամրագրել, որովհետեւ արեւելեան մեր դրացի պետութիւնը կը շարունակէ ծաւալապաշտական իր քաղաքականութիւնը եւ կը ջանայ ամէն միջոց եւ առիթ օգտագործել` յաւելեալ տարածքներ Հայաստանէն գրաւելու եւ կորզելու համար:

Մինչ Ազրպէյճան որդեգրած է հակահայ քաղաքականութիւն մը եւ նոյնիսկ խաղաղութեան պայմանագրի մը ստորագրման շուրջ քննարկումներու այս փուլին հրապարակաւ չէ ճանչցած Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը եւ տարածքը` յայտարարելով, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայաստանի 29 հազար 800 քառակուսի տարածքը, Հայաստանի իշխող խմբակցութեան պատգամաւորներ որեւէ խնդիր կամ հարց չեն տեսներ այս մօտեցման մէջ` վստահեցնելով, որ Պրիւքսելի հանդիպումէն աւելի քան տարի մը ետք Հայաստանի համար կը շարունակէ մնալ կարեւոր խնդիր մը, որ Ալմաթիի հռչակագրին հիմամբ ընթացք առած է սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթ է: Անոնք նաեւ կը նշեն, որ Պրիւքսելի մէջ Փաշինեան եւ Ալիեւ յայտարարած են, որ կը ճանչնան Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնները, որոնք 86 հազար 600 եւ 29 հազար 800 քառակուսի քիլոմեթր են: Յղում կատարելով Պրիւքսելի մէջ կատարուած յայտարարութիւններուն` յստակ փորձ կը կատարուի նսեմացնելու կարողութիւնը այն իրողութեան, թէ մինչեւ այսօր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ ազրպէյճանցի այլ պատասխանատուներ մինչեւ այսօր հրապարակաւ չեն յայտարարած, թէ պաշտօնապէս կը ճանչնան Հայաստանի 29 հազար 800 քառակուսի քիլոմեթր տարածքը, որ ամրագրուած է միջազգային օրէնքով եւ այդ տարածքէն թիզ մը իսկ հողի գրաւում կը համարուի հակաօրինական եւ թշնամական արարք մը: Պէտք չէ մոռնալ, որ ազրպէյճանական զօրամիաւորումներ գրաւման տակ կը պահեն հայկական ինքնիշխան տարածքներ, որոնք կ՛իյնան նշուած եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած 29 հազար 800 քառակուսի քիլոմեթր տարածքին մէջ:

Միւս կողմէ` նկատառելի է, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան համաձայնութեան մը հասած են սահմանազատման հոլովոյթը Ալմաթիի հռչակագրին հիմամբ կատարելու ընտրանքին շուրջ: Սակայն եթէ քննարկման ենթակայ խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ այլ ձեւակերպման եւ սկզբունքներու շուրջ համաձայնութիւն մը գոյանայ, ապա յստակ է, որ սահմանազատման եւ սահմանագծման կանոնակարգին փոփոխութիւններ պիտի կատարուին, եւ պիտի հեռացուի Ալմաթիի հռչակագրին հիմամբ սահմանազատում եւ սահմանագծում կատարելու սկզբունքը:

Ազրպէյճանական քաղաքականութեան հիմքը հակահայ որոշումներու եւ քայլերու որդեգրմամբ, ծաւալապաշտութեան շարունակութիւնն է, որ կ՛արտացոլացնէ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն որդեգրած ուղիին տարբեր ընթացքները: Ասոնց մէջ ամէնէն վտանգաւորը հողային ազրպէյճանական հողային պահանջներ են, որոնք օրէ օր աւելի յստակ կը դառնան: Երբ Պաքուի իշխանութիւնները մինչեւ այսօր չեն յայտարարած, որ կը ճանչնան Հայաստանի 29 հազար 800 քառակուսի քիլոմեթր տարածքը եւ,  ասոր զուգահեռ, գրաւման տակ կը պահեն հայկական ինքնիշխան տարածքներ, կը բացայայտեն իրենց ախորժակները Հայաստանի պետութեան հողերուն նկատմամբ:

 

 

Նախորդը

Հայրենասէ՞ր, Անշո՜ւշտ Որ…

Յաջորդը

Փոխանցումներու Աշխարհէն

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.