Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենասէ՞ր, Անշո՜ւշտ Որ…

September 24, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Վստահաբար միակը չեմ, որ կը մտածէ, թէ ՔՊ-ապետ Ն. Փաշինեան շատ աւելի լաւ կ՛ընէ, եթէ պապանձի (նախկին նախարար մը ատենին յորդորեց զայն, որ լռէ), որովհետեւ իւրաքանչիւր մամլոյ ասուլիսի, հրապարակային յայտարարութեան եւ նման առիթներու` ցնդաբանութիւններ դուրս կու տայ, ինքզինք կը հակասէ, երէկուան կամ քանի մը ամիս առաջ ըսածը կը շրջէ եւ հակառակը կ՛ըսէ (առանց բառերը գործածելու` կը փաստէ, որ տխմարներու թագաւորը կրնայ ընտրուիլ առանց մրցակիցի), եւ հաւատարիմ ունկնդիրներ կը գտնէ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ: Կայ զառամեալ համբակներու փաղանգ մը, որ կը շարունակէ յոխորտալ, թէ ան «ազգընտիր» է, ուրեմն կրնայ ընել այն, ինչ որ կ՛ուզէ (ինք ալ ատենին նման ակնարկութիւն ըրաւ), մինչեւ իսկ Արցախի վրայէն գիծեր քաշել, Հայաստանէն օր ցերեկով պատառներ նուիրել Ազրպէյճանի ու խոստանալ ուռճացնել նուէրներու փաթեթը, մինչեւ… Նման զառամեալներ կը սրդողի՜ն, երբ ընդդիմադիրներ ցոյց կու տան անոր իսկական դէմքը:

18 սեպտեմբերին պատահեցաւ բան մը, որ հիմնովին շրջեց Փաշինեանի մասին մեր հայեցակէտը: Յայտարարեց, որ ինք իսկական հայրենասէր է (ուրիշ շա՜տ բաներ ըսաւ) եւ երկար-բարակ լուսաբանութիւններ տուաւ իր հայրենասիրութեան մասին, փաստարկեց, որ իսկական հայրենասէր մըն է: Անոր խօսքերը պահ մը յիշեցուցին իր այն բոցաշունչ (եւ ամբոխահաճոյ) յայտարարութիւնը, թէ «Արցախը Հայաստան է ու վերջ»: Թէեւ նոյն պայթուցիկ ոճով չխօսեցաւ չորեքշաբթիի (այսպէս կոչուած) ասուլիսին, սակայն միտք բանին հետեւեալն էր. «Ես հայրենասէր եմ ու վե՛րջ»: Կարծէք թէ կ՛արձագանգէր «Ես եմ քու տէր Աստուածդ, ուրիշ Աստուած պիտի չունենաս» պատգամին…

Պրաւօ՜, ՔՊ-ապետ: Ո՞վ համաձայն պիտի չըլլայ նման հաւաստիքի: Բոլոր «հպարտ քաղաքացիներ»-ը անկեղծօրէն հպարտ են քեզի պէս հայրենասէրներով:

Միայն թէ… կայ յստակացուելիք կէտ մը: Ո՞րն է այն հայրենիքը, որուն հանդէպ սէր, յանձնառութիւն եւ ծրագիրներու հաւատարմութիւն ունի այս արարածը: Եթէ պատասխանենք, որ այդ «հայրենիք»-ը Ազրպէյճանն ու անոր հովանաւորը` Թուրքիան են, ամէն բան իր տեղը կը նստի:

Կասկած չունիմ, որ նման ընկալում ունին նաեւ բազմաթիւ հայորդիներ: Իսկապէս որ, եկէ՛ք, պահ մը աչքի առջեւ բերենք ցանկը Փաշինեանի (եւ գործակիցներուն) «հայրենասիրութեան» արտայայտութիւններուն` սկսելով Արցախէն, անցնելով Հայաստանէն, հասնելու համար մինչեւ սփիւռք, որուն, այսպէս կոչուած,  ներկայացուցիչներուն առջեւ կը կատարէր այս… խոստովանանքը, դիմակը վար առնելը: Որեւէ տեղէ չիմացանք, թէ զինք լսողներէն մէկն ու մէկը արդեօք երեսին տուա՞ւ իր խարդաւանանքներն ու հայրենիքին եւ ազգին դէմ «իրագործումները» (որոնք, ի դէպ, բոլորն ալ «աննախադէպ» կ՛որակուին):

… Ըսինք` եթէ ընդունինք, որ Փաշինեանի ու խմբակին «հայրենասիրութեան» աղբիւրը մեր դարաւոր թշնամիներուն հաւատարմութիւնն է, անոնց ԲՈԼՈՐ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ ընթացք տալը, անոնց իւրաքանչիւր մատի շարժումին ընդառաջ վազելը, ամէն բան իր տեղը կը նստի:

Եւ թող ո՛չ ոք այս տողերը որակէ զրպարտութիւն, անհիմն պարսաւանք եւ անարդար քննադատութիւն: Նոյնինքն իշխանաւորներուն եւ անոնց կոյր հետեւորդներուն կատարենք մէ՛կ յիշեցում. ինք չէ՞ր, որ օր մը բարձրաճակատ յայտարարեց, որ չի նեղանար, եթէ զինք թուրք կոչեն: Երբ խոստովանողը ի՛նք է, կրնանք եզրակացնել. «Ի բերանոյ քումմէ դատեցայց զքեզ: Ի բերանոյ երկուց եւ երից վկայից»:

10 սեպտեմբեր 2024

Նախորդը

Ինչո՞ւ Փաշինեան Չի Կրնար Յիշել 2020 Թուականի Պատերազմի Աւարտին Իր Ստորագրած Արձանագրութիւնը

Յաջորդը

Տարածքային Ազրպէյճանական Ախորժակներ

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.