Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Փաշինեան Չի Կրնար Յիշել 2020 Թուականի Պատերազմի Աւարտին Իր Ստորագրած Արձանագրութիւնը

September 24, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անհասկնալի է, թէ ինչպէ՛ս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կրնայ մոռնալ կարեւոր մանրամասնութիւնները այն արձանագրութեան, զոր ինք ստորագրեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ արցախեան 2020-ի պատերազմի աւարտին:

Աւելի անհասկնալի է այն իրականութիւնը, որ մինչ Փաշինեան կը խեղաթիւրէ 2020 թուականի արձանագրութեան որոշ դրոյթներ, ուրիշներ կը մեղադրէ զայն խեղաթիւրելու մէջ: Ցնցիչ է, երբ ան մարտահրաւէր կը կարդայ անոնց`  կարդալու արձանագրութեան բովանդակութիւնը, յիշեցնելով, որ անիկա հասանելի է հանրութեան:

Փաշինեան ստորագրեց 2020 թուականի համաձայնագիրը, որ կոչ կ՛ուղղէ` ապաշրջափակելու «տարածաշրջանի բոլոր տնտեսական եւ երթեւեկութեան հաղորդակցութեան ուղիները», մասնաւորապէս մատնանշելով ճամբայ մը, որ պիտի հատէ Հայաստանը` ցամաքային Ազրպէյճանը կապելով իր արտագաւառ Նախիջեւանի հետ: 2020 թուականէն ի վեր ան տասնեակ անգամներ կրկնեց, որ Հայաստան պատրաստ է «այսօր առաւօտ իսկ» արտօնել ազրպէյճանցիներուն Հայաստանի տարածքով մեկնիլ Նախիջեւան, բայց եւ այնպէս, ոչ մէկ անգամ, մինչեւ 31 օգոստոս 2024-ի մամլոյ ասուլիսը չնշեց, որ հայերը եւս իրաւունք ունին Ազրպէյճանով Ռուսիա երթալու:

Բարեբախտաբար Ազրպէյճան ականահարած է 2020 թուականի արձանագրութեան այս դրոյթը` պնդելով, որ Հայաստանը հատող ճամբան պէտք է «միջանցք» ըլլայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ հայկական տարածքը, որով կ՛անցնին ազրպէյճանցիները, պէտք է ըլլայ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Ասիկա ինքնին կը հակասէ 2020 թուականի արձանագրութեան դրոյթներուն եւ ոտնահարում է Հայաստանի ինքնիշխանութեան: Եթէ չըլլային Ալիեւի խոչընդոտները, ապա ազրպէյճանցիները արդէն քանի մը տարի առաջ Հայաստանէն անցնելով` Նախիջեւան գացած կ՛ըլլային:

Կացութիւնը աւելի վատթարացնելով` Փաշինեան սխալելով կը պնդէ, որ Ռուսիա խաղալիք դերակատարութիւն չունի «Զանգեզուրի երթուղի»-ին վերաբերեալ` Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ վէճին լոյսին տակ, որ ծագեցաւ ռուս խաղաղապահներուն կողմէ արցախահայութիւնը պաշտպանելու պարտականութիւններուն մէջ թերացման եւ 2023 թուականի 19 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը ամբողջութեամբ բռնագրաւելու արտօնութիւն տալուն պատճառով: Այսպիսով,  Փաշինեան կ՛անտեսէ 2020 թուականին իր ստորագրած արձանագրութեան 9-րդ կէտը, ուր կ՛ըսուի. «Ռուսիոյ Դաշնակցային ապահովական ծառայութեան սահմանապահ ուժերը պատասխանատու են [Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ] երթեւեկային կապերու վերահսկողութեան»:

Փաշինեան արդարացի կ՛ըլլար Ռուսիոյ դերակատարութիւնը մերժելու մէջ, եթէ ըսէր, որ 2020 թուականի արձանագրութիւնը այլեւս ի զօրու չէ` նկատի ունենալով, որ թէ՛ Ռուսիան եւ թէ՛ Ազրպէյճանը խախտած են անոր բազմաթիւ դրոյթներ, ինչպէս` արցախահայութեան պաշտպանութեան մէջ թերացումը, աւարտին հասցնելով Արցախի բռնագրաւումը եւ չվերադարձնելով բոլոր հայ ռազմագերիները: Սակայն Փաշինեան կը պնդէ, որ 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի արձանագրութիւնը տակաւին ուժի մէջ է` այդպիսով ալ հակասելով ինքնիրեն:

Աւելի՛ն. Փաշինեանը յանիրաւի կը պնդէ, որ 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի արձանագրութեան մէջ «Զանգեզուրի երթուղի»-ին վերաբերեալ ռուսական որեւէ դերակատարութիւն չի նշուիր: Ան կոչ ուղղեց բոլորին` կարդալու 2020 թուականի արձանագրութեան բովանդակութիւնը, այնուհետեւ մէջբերում կատարեց անոր 9-րդ կէտէն` զեղչելով այն նախադասութիւնը, որ ռուս սահմանապահները կը հրաւիրէ վերահսկելու Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ ուղիին:

Խառնակ վիճակը աւելի շփոթի մատնեց, երբ պնդելէ ետք, որ Ռուսիա դերակատարութիւնը չունի այս ճամբուն գծով, Փաշինեան կրկին հակասեց ինքնիրեն` այս անգամ ալ պահանջելով, որ Ռուսիա «դիտարկէ» ճամբան, եւ ոչ թէ «վերահսկէ» զայն: Իր փաստարկը աւելի տարօրինակ դարձնելով` Փաշինեան ըսաւ, որ ռուս դիտորդները անպայման պէտք չունին ֆիզիքապէս ներկայ գտնուելու Հայաստանի սահմանին` «Զանգեզուրի երթուղի»-ին վերահսկելու համար, այլ անոնք կրնան հեռակայ կարգով վերահսկել որեւէ վայրէ, օրինակ` Մոսկուայէն:

Մինչ այդ «Զանգեզուրի երթուղի»-ն քաղաքական ֆութպոլի վերածուեցաւ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ, Իրանի, Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ: Երկար ատենէ Ռուսիա կը ձգտի «Զանգեզուրի երթուղի»-ի բացման, որպէսզի կարողանայ վերահսկել այս առանցքային զարկերակին, որ Կեդրոնական Ասիոյ թրքական պետութիւնները պիտի կապէ Ազրպէյճանին եւ Թուրքիոյ` մինչեւ Եւրոպա: Եթէ Ռուսիոյ փոխարէն Արեւմուտքը վերահսկէ այս առանցքային ճամբուն, ատիկա պիտի նուազեցնէ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ:

Փաշինեանը փորձեց հանգստացնել այս հակասութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերը` անակնկալօրէն յայտարարելով, որ միջազգային կազմակերպութիւն մը կրնայ վերահսկել ազրպէյճանական բեռներու եւ մարդոց տարանցման: Սակայն նոյնքան արագ ան յետս կոչեց իր առաջարկը, որովհետեւ Ազրպէյճան երբեք պիտի չընդունէր, որ նոյն երրորդ կողմը վերահսկէ նաեւ Ազրպէյճանի տարածքով հայկական բեռներու տարանցումին:

Ազրպէյճանն ու Իրանը այլընտրանքային լուծում առաջարկեցին: Անոնք համաձայնեցան արտօնել բեռներու տեղափոխումը Ազրպէյճանէն Նախիջեւան` հիւսիսային Իրանի ուղիով մը: Հակառակ անոր որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան ճնշում կը բանեցնեն Հայաստանի վրայ` բանալու «Զանգեզուրի միջանցք»-ը, բայց եւ այնպէս Հայաստանն ու Ազրպէյճանը խորհրդաւոր կերպով որոշեցին Զանգեզուրի հարցը բացառել իրենց խաղաղ պայմանագիրի բանակցութիւններէն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ Հայաստանին ուղղուած մեղադրանքէն ետք` «Զանգեզուրի երթուղի»-ն խափանելու մէջ, Իրան խստիւ նախազգուշացուց, թէ թոյլ չի տար, «Զանգեզուրի միջանցք» անցնի Հայաստանէն: Ռուսիա արագօրէն հարթեց իր տարակարծութիւնները Իրանի հետ եւ հանդարտեցուց վէճը:

Այս խառնակ իրավիճակէն կարելի պիտի ըլլար խուսափիլ, եթէ Փաշինեան չառաջարկէր 2020 թուականի արձանագրութեան մէջ ներառել «Զանգեզուրի երթուղի»-ն: Նման բան տեղի կ՛ունենայ, երբ վարչապետ Փաշինեան Հայաստանի հարցերը լուծելու փոխարէն` աւելի կը սրէ զանոնք իր անկարողութեան պատճառով:

TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

Այնճարի Հիմնադրութեան 85-Ամեակի Տօնակատարութեան Շեշտուեցաւ Այնճարի Կանգուն Պահելու Հրամայականը

Յաջորդը

Հայրենասէ՞ր, Անշո՜ւշտ Որ…

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.