Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնախումբը 19 Սեպտեմբերին Պիտի Քննարկէ Արցախի Ցեղասպանութիւնը

September 18, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսի Թամ Լանթոսի անուան Մարդկային իրաւանց յանձնախումբը 19 սեպտեմբերին պիտի իրականացնէ  քննարկում մը` Արցախի մէջ Ազրպէյճանի գործադրած ցեղային զտման եւ արցախահայութեան դէմ մարդկային իրաւանց խախտումներու մասին: Յանձնախումբը պիտի քննարկէ նաեւ Ազրպէյճանի կառավարութեան հակադրուելու պատճառով բռնաճնշումներու զոհ դարձած ազրպէյճանցիներուն հարցը:

Քննարկումը նախաձեռնութիւնն է յանձնախումբի համաատենապետներ` քոնկրեսականներ Քրիս Սմիթի եւ Ճէյմզ ՄըքԿավըրնի:

Յանձնախումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.

«Ազրպէյճանի կառավարութիւնը մարդկային իրաւանց ոլորտին մէջ վատ ցուցանիշ ունի: Ըստ «Ֆրիտըմ Հաուս»-ի` Ազրպէյճանի բռնատէր իշխանութիւնը կը շարունակէ կեդրոնացուած մնալ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր բազմանդամ ընտանիքին ձեռքը. Իլհամ Ալիեւ նախագահի պաշտօնը կը վարէ 2003-էն ի վեր: Ազրպէյճանի մէջ կաշառակերութիւնը համատարած է, իսկ քաղաքական ընդդիմութիւնը տկարացած` տարիներէ ի վեր շարունակուող հալածանքներու պատճառով: Իշխանութիւնները վերջին տարիներուն լայնածաւալ ոտնձգութիւններ կատարած են քաղաքացիներու ազատութիւններուն դէմ»:

Յանձնախումբը կը յիշեցնէ, թէ երբ սեպտեմբեր 2023-ին Ազրպէյճանի կառավարութիւնը ռազմական գործողութեան ձեռնարկեց` Արցախի վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատելու նպատակով, կղզիացած տարածքին մէջ գտնուող հայերուն համար կացութիւնը կտրուկ կերպով վատթարացաւ, եւ տեղւոյն հայութիւնը ապաստանեցաւ Հայաստան:

Պիտի քննարկուին ակնյայտ ցեղային զտումները եւ այդ հարցին վերաբերեալ շարք մը նիւթեր, ներառեալ` գերիներու, քաղաքական բանտարկեալներու եւ հայկական մշակութային վայրերու իրավիճակը` Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ հայերու վերադարձի իրաւունքը:

Քննարկումներուն ընթացքին Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, միջազգային հարցերու իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան «Քրուտ Ըքաունթապիլիթի» կազմակերպութեան հիմնադիր Քէյթ Ուոթըրզ վկայութիւններ պիտի տան:

 

Նախորդը

«Հայաստան» Խմբակցութեան Մամուլի Ասուլիսին Ընթացքին Շեշտուեցաւ Արցախի Հարցը Հետապնդելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Լուիս Մորենօ Օքամփօ ՀՅԴ-ի Գործիչներու Հետ Հանդիպում Ունեցաւ

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Կը Փորձէ Իր Որոշումներուն Համար Պատասխանատուութիւնը Բարդել ՀԱՊԿ-ի Վրայ»

November 10, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին
Հայկական

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.