Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ, նախագահի Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփի կոլֆի ակումբի մօտ կրակոցներ տեղի ունեցած են: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ կրակը բացած է Միացեալ Նահանգներու գաղտնի ծառայութեան աշխատակիցը, որ ակումբի տարածքէն ոչ հեռու կասկածելի զինեալ տղամարդ մը նկատած է:
Կասկածեալը սկիզբը յաջողած է թաքնուիլ թուփերուն մէջ, սակայն աւելի ուշ յայտնաբերուած ու ձերբակալուած է, իսկ անոր թաքնուած վայրին մէջ «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիր, նշանառութեան դիտակ ու սերամիքական թիթեղներով ու տեսախցիկով երկու ուսապարկ յայտնաբերուած է:
«Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին տուեալներով` ենթադրեալ կասկածելին Թրամփէն 270-450 մեթր հեռաւորութեան վրայ եղած է: Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնած է, թէ դէպքին հետեւանքով վնասուածներ չկան:
«ԷՖ.Պի.Այ.»-ը դէպքէն ետք հետաքննութեան սկսած է, կատարուածը կը գնահատուի իբրեւ Թրամփի դէմ հաւանական մահափորձ: «Ֆոքս Նիուզ»-ը, յղում կատարելով իր աղբիւրներուն, կը հաղորդէ, որ իրաւապահները բացայայտած են կասկածելիին ինքնութիւնը: Ան 58 տարեկան Ռայըն Ուեսլի Ռութն է:
Թրամփի դէմ հաւանական մահափորձէն ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընն ու փոխնախագահ, նախագահի դեմոկրատական թեկնածու Քամալա Հարիսը տեղեկացուած են դէպքին մասին: Պայտըն Գաղտնի ծառայութեան յանձնարարած է ապահովել Թրամփի պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ ամէն բան, իսկ Հարիս յայտարարած է. «Բռնութիւնը Ամերիկայի մէջ տեղ չունի»:
Պայտըն իր կարգին աւելի ուշ շեշտեց. «Բազմաթիւ անգամներ ըսած եմ, քաղաքական բռնութիւնը կամ որեւէ բռնութիւն մեր երկրին մէջ բացարձակապէս տեղ չունի»: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Թրամփին որեւէ վնաս չէ հասած: Նոյն կարծիքը յայտնեց նաեւ Հարիս:


