Շաբաթավերջին Թրիփոլիի «Ռաշիտ Քարամէ» անուան քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցումը` Նըժմէի եւ Անսարի միջեւ:
Նըժմէ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Անսարին` շնորհիւ կանացի յառաջապահ Քոլինզի (2) եւ Ռապիհ Աթայայի կոլերուն, մինչ Ալի Թնէյշ նշանակեց Անսարի միակ կոլը:
Նշենք, որ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի 65-րդ ախոյեանութիւնը կը սկսի այս շաբաթավերջին:


