Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանդակագործ Վարուժան Մարտիրեանի Տուն-Թանգարանի Բացում

September 13, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին,  Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակի ձեռնարկներու շարքին շաբաթ, 7 սեպտեմբեր 2024-ին երեկոյեան տեղի ունեցաւ քանդակագործ Վարուժան Մարտիրեանի տուն-թանգարանի բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ գիւղի պատկան մարմիններուն եւ արուեստասէր հոծ բազմութեան:

Բացման խօսքը արտասանեց Նաթալի Քենտիրճեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ըսաւ, թէ այս տուն-թանգարանի բացումը ապացոյց է, որ Այնճարը ազգային ոգի նաեւ վառ կը պահէ մշակութային ոլորտին մէջ: Ան դիտել տուաւ, թէ այդ տունը,  զոր Վարուժան Մարտիրեան կ՛ուզէր լեցնել խինդով, սիրով, արուեստով եւ ընտանեկան մթնոլորտով, այժմ կը նուիրուի Այնճար աւանին, որպէսզի ծառայէ իբրեւ իր վաստակին նուիրուած թանգարան:

Ան Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, Այնճարի քաղաքապետին, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին եւ Այնճարի երեք յարանուանութիւններուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Մարտիրեանի ընտանիքին: Ապա անդրադառնալով Մարտիրեանի արժանիքներուն` որպէս երկրաչափի, ճարտարապետի եւ քանդակագործի, Ն. Քենտիրճեան ըսաւ. «Այս տուն թանգարանը Այնճարի համար սիրոյ արտայայտութիւն եւ պատմութիւն է, իսկ պատմութիւն պահելը կը թուի պայքարի ուղի ըլլալ»:

Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկան Նազէ Այնթապլեան` դաշնամուրով, Ալեակ Գոյումճեան` ֆլիւթ եւ Նարօ Գարայեան` կիթառ, եւ անոնք յաջորդաբար ներկայացուցին Շողթաքովիչի «Վալս թիւ 2»-ն եւ Սպենդիարեանի «Օրօր»-ը:

Կարէն Հերկելեան կարդաց Մարտիրեանի դստեր` Մարինէ Մարտիրեանի եւ կնոջ` Սուէտլանա Մարտիրեանի սրտի խօսքերը: Մարինէ Մարտիրեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի անդամներուն, որոնք տարին կազմակերպական  անձնուէր ու կամաւոր  աշխատանք, որուն իբրեւ արդիւնք` Այնճարի մէջ հպարտ այս զաւկին վաստակը մնայուն ներկայութիւն պիտի դառնայ իր տան մէջ: Ապա ան յայտնեց, որ ճարտարապետական շինութիւններու կողքին, իր հօր մեծագոյն նուիրումներէն էր փայտի քանդակագործութիւնը, զոր  կատարելագործեց` դրսեւորելով իր ներաշխարհը: Ան աւելցուց, որ Վարուժան Մարտիրեանի թանգարանը այժմ կը կանգնի իբրեւ հօրը յիշատակին նուիրուած յուշարձան  եւ իբրեւ վկայ Այնճարի մշակութային հարստութեան` ծառայելով իբրեւ ներշնչման աղբիւր եւ յիշեցնելով նուիրումի ուժին եւ գեղեցկութեան հետապնդման մասին:

Իսկ քանդակագործին կողակիցը` Սուէտլանա Մարտիրեան, այդ օրը  խիստ նշանակալից նկատեց իր ընտանիքին համար, երբ իրենք ժողովուրդին կը յանձնեն Վարուժան Մարտիրեանի ստեղծագործական ժառանգութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ ամուսինը հպարտ մուսալեռցի էր եւ արժանապատիւ հայ` օժտուած մասնագէտի եւ մարդկային արժանիքներով: «Աչքիս լոյսին պէս գուրգուրացել եմ անոր ամէն մէկ գործին եւ հիմա ձեզի կը յանձնեմ այդ պարտականութիւնը», եզրափակեց ան:

Խօսք առաւ արուեստագէտ Մարալ Փանոսեան, որ անդրադարձաւ  լիբանանահայ գաղութին մէջ վերջին քառասուն տարիներուն հանրածանօթ անուն դարձած Վարուժան Մարտիրեանին` իբրեւ քանդակագործի: «Անոր քանդակած կիներու կերպարները, իրենց բուրմունքը միախառնելով  բազմատեսակ փայտերու բուրմունքին, կախարդական մթնոլորտ մը ստեղծած են իրենց շուրջ», նշեց ան: Ապա  Փանոսեան ներկայացուց Մարտիրեանի հարուստ կենսագրութիւնը` անդրադառնալով անոր ակադեմական մասնագիտութեան տարբեր համալսարաններու մէջ, որուն աւարտին` 1963-ին ստացած է քաղաքացիական արդիւնաբերական շինարար ճարտարապետի մագիստրոսի աստիճան Երեւանի Պոլիտեխնիկ հիմնարկէն:

Անդրադառնալով անոր քանդակի ստեղծագործութեան` Մարալ Փանոսեան յայտնեց, որ Մարտիրեան սկսած է 80-ական թուականներէն քանդակել եւ տասէ աւելի անհատական ցուցահանդէսներ ներկայացուցած է տարբեր երկիրներու մէջ, անոր քանդակներէն ոմանք տեղադրուած են զանազան երկիրներու մշակութային եւ այլ կեդրոններու մէջ: «Վարուժանի պարագային իւրայատուկ երեւոյթ է ուղղակի փայտին վրայ աշխատելաձեւը ամբողջութեամբ յենելով իր երեւակայութեան վրայ, իր գչիրով ու մուրճով քանդակած է կախարդական կերպարներ որոնք կը ներկայացնեն կնոջ տիպարը: Իր ներշնչման գլխաւոր աղբիւրը եղած է կինը, իսկ միջոցը` փայտը», շեշտեց ան:

Ապա Մարալ Փանոսեան կարդաց հատուածներ հայ թէ օտար շրջանակներու կողմէ Մարտիրեանի մասին արտայայտուած կարծիքներէն` քաղուած մամուլէն: Անոնց մէջ յատուկ անդրադարձ կը կատարուէր Մարտիրեան քանդակագործութեան տաղանդին եւ անոր ընդմէջէն` անոր ստեղծագործ կերպարին:

Ան աւելցուց. «Ընթերցասէր, մնայուն պրպտող, լայն գիտելիքներու պաշար ունեցող, լուրջ մտաւորական էր ան: Հաճելի զրուցակից մը , որ կարողացած է միշտ նորութիւններ փոխանցել իր շրջապատին: Վարուժան Մարտիրեան, խօսքէ աւելի, գործի հաւատացող անձ էր եւ երբեք ճիգ չէր խնայած օժանդակելու նոր սերունդի վերելքին»:

Խօսքի աւարտին արուեստագէտ Փանոսեան այս առիթով շնորհաւորեց անոր ընտանիքը եւ գնահատեց անոնց առած քայլը: Շնորհաւորեց նաեւ Այնճարի հայրենակիցները եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբը` ձեռնարկի կազմակերպական աշխատանքներուն եւ յաջողութեան համար:

Աւարտին ներկաները շրջեցան եռայարկ տուն-թանգարանը եւ ըմբոշխնեցին Վարուժան Մարտիրեանի քանդակները:

Նախորդը

Մուսա Լեռ – Այնճարի 85-Ամեակին Առիթով…

Յաջորդը

Ֆոնթ Կը Քննադատէ Լափորթան

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.