Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շոյկու. «Ռուսիան Հաւատարիմ Է Զանգեզուրի Վերաբերեալ Թեհրանի Հետ Նախկին Համաձայնութիւններուն. Այս Հարցին Մէջ Մոսկուայի Քաղաքականութիւնը Բացարձակապէս Չէ Փոխուած»

September 12, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան կ՛աւարտէ ներպետական ընթացակարգերը, որոնք անհրաժեշտ են Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ նոր հիմնարար միջպետական համաձայնագիրի ստորագրման բարձրագոյն մակարդակով նախապատրաստուելու համար: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու:

«Կ՛ակնկալենք, որ նոր հիմնարար միջպետական համաձայնագիրը կարելի եղածին չափ շուտ կնքուի: Մենք կ՛աւարտենք ներքին պետական ընթացակարգերը, որոնք անհրաժեշտ են (Ռուսիոյ եւ Իրանի) նախագահներու ստորագրման համար փաստաթուղթերը նախապատրաստելու համար», ըսած է ան Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիանի հետ զրոյցի ընթացքին:

Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Շոյկու ըսած է. «Ռուսիան հաւատարիմ է Զանգեզուրի վերաբերեալ Թեհրանի հետ նախկին համաձայնութիւններուն, եւ այս հարցին մէջ Մոսկուայի քաղաքականութիւնը բացարձակապէս չէ փոխուած»:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Ահմատիանը Ռուսիոյ մէջ ռուս պաշտօնատարներու հետ պիտի քննարկէ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին շուրջ Իրանի դիրքորոշումը:

Վերջին շրջանին Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներն ու մամուլը կ՛անդրադառնան Ռուսիոյ, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ին աջակցութեան` ընդգծելով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու խախտման անթոյլատրելիութիւնն ու այս հարցին մէջ Իրանի կարմիր գիծերը:

 

 

Նախորդը

Սիարթօ. «Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Գործընկերութեան Ընդլայնման Ծրագիրը Պիտի Հաստատուի Նոյեմբերին»

Յաջորդը

Ակնարկ. Պատերազմի Սպառնալիքներ Եւ Դիւանագիտական Նախագիծեր

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.