Արեւմուտքցի լաւատեղեակ դիւանագէտ մը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնած է. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Ֆիլատելֆիա առանցքէն հեռանալ մերժելը Համաս շարժումը մղեց գործարքին նկատմամբ իր կեցուածքը կարծրացնելու»:
«Նեթանիահուի կեցուածքին պատճառով Համաս կարծրացուց կեցուածքը Իսրայէլի կողմէ ազատ արձակուելիք գերիներու թիւին նկատմամբ», նշած է աղբիւրը:
Արեւմուտքցի լաւատեղեակ աղբիւր մը «Հաարեց»-ին ըսած է. «Ամերիկեան վարչակազմը զգուշացուցած է Իսրայէլը Լիբանանի հետ մեծ մագլցումի եւ համապարփակ պատերազմի նախաձեռնելէ, եւ Ուաշինկթըն մտավախութիւն յայտնեց, որ Համասի հետ գործարքի կնքման ձախողութիւնը Իսրայէլը մղէ Հըզպալլայի դէմ պատերազմ շղթայազերծելու»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը իր կարգին «Հաարեց»-ին յայտնած է. «Մենք կը զօրակցինք Հըզպալլայի դէմ Իսրայէլի քայլերուն, սակայն լայնածաւալ պատերազմի հետեւանքները պէտք է նկատի ունենալ»:
«Ամբողջ անցեալ օգոստոսի ընթացքին զգացինք, որ պատերազմին վտանգը չափազանց բարձր է, եւ փորձեցինք զայն կանխարգիլելու համար գերիներու գործարքը ջատագովել», աւելցուցած է պաշտօնատարը:


