Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Արդեօք Հաշուեառ Կա՞յ…

September 11, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՊԻՍ ԳԱՊԱՍԱԳԱԼԵԱՆ

Սփիւռքահայութիւնը քաջատեղեակ է, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2024 տարին հռչակած է մարդուժի պատրաստութեան տարի:

Երբ վեհափառ հայրապետը պատգամ թէ կոչ ուղղէ իր ժողովուրդին, մեր դաստիարակութեամբ, անիկա կը դառնայ հրահանգ` մեր բոլոր կառոյցներու պատասխանատուներուն համար եւ իրագործելի յանձնառութիւն:

Շաբաթ, 22 յունիս 2024-ին Վրէժ-Արմէնի ստորագրութեամբ «Ազդակ» օրաթերթը լոյս ընծայած էր գրութիւն մը` «Ուրկէ՞ սկսիլ» խորագիրով, «Մարդուժ պատրաստել… Կենսական նպատակ եւ անյետաձգելի յանձնառութիւն» խորհրդակցութիւն-մտորումներու վերաբերող: Յօդուածը իր  բովանդակութեամբ, կարեւորագոյն եւ հիմնական բնագաւառներու հաշուոյն, կ՛ընդգծէր ու կ՛առաջարկէր գործադրութեան միջոցառումներ:

Յօդուածին առաջին բաժնին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեցին հետեւեալ հարցադրումները.

Ա) Ո՞վ պիտի ըլլայ պատրաստողը:
Բ) Ինչո՞ւ չենք պատրաստած ցարդ:
Գ) Այժմ ունի՞նք միջոցները պատրաստելու համար:
Դ) Որքա՞ն ժամանակ կայ մեր առջեւ այս յանձնառութեան համար:

Հաւատալով խօսքի եւ գրիչի ազատութեան սկզբունքին` պիտի փորձեմ վերոյիշեալ հարցումներուն պատասխաններուն հասնիլ անձնական տեսութիւններով` քաջ գիտնալով, որ շրջապատուած ենք քննադատներով, որոնք ըսուած կամ գրուած բառին ծայրէն բռնելով, գործուած մեղքը թէ սխալը չընդունելու համար, եթէ բառը ճիշդ է, կը ջանան այլաբանութիւններով շեղեցնել շրջապատի մարդիկը:

Մենք ի՞նչ կ՛ընենք մարդուժ պատրաստելու համար: Դժբախտաբար մենք` մարդուժ պատրաստող անձերուն ներկայութենէն խանգարուած եւ շատ յաճախ անձնական հաշիւներով, միջոցը կը գտնենք զանոնք խրտչեցնելու եւ հեռացնելու. հետեւաբար ենթական կը նախընտրէ ոտքերը կտրել եւ տունը նստիլ:

Ո՞վ է յանցաւորը, տունը նստո՞ղը, թէ ՞զինք դիտումնաւոր ու մտադրուած հեռացնողները: Արդ, կ՛ենթադրեմ, որ վերոյիշեալ հարցումին պատասխանը յստակ է …:

Անոնք նոյնիսկ կը յանդգնին ըսելու, որ եթէ ես կամ, այսինչը կամ այնինչը չ՛ըլլար. կարծէք թէ մեր կեանքը իրենց սեփականութիւնն է: Երբեմն ալ մարդը այրելու համար անոր քնացած տեղը կեղծ ուրուագիծ (Profile) մըն ալ կը շինեն ու շուկայ կը նետեն:

Հաւանաբար ուրախ են անոնք, որոնք յաջողած են մարդոց ճակատագիրը տնօրինելու` զանոնք դաշտէն դուրս բերելով, եւ որպէս մենաշնորհեալներ կը հաւատան, որ աշխարհը միայն իրենց է:

Տունը նստողը կարճ ժամանակ մը ետք կ՛ընտելանայ իր նոր կացութեան, ինքզինք երջանիկ կը համարէ, որ հեռու է ամէն ինչէ, եւ իր միակ ամբողջական մտահոգութեան առանցքը կը դառնայ իր անմիջական ընտանիքը, որուն հաշուոյն նախապէս թերացած էր` իր շատ մը պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն մէջ:

Սխալած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ մարդն ալ կայ ու բաւարար ուժն ալ կայ, բայց չէզոքացուած են:

Քաջ գիտեմ, որ հաճելի մարդ ըլլալու համար պէտք է խօսիլ վարդագոյն երեւոյթներու մասին, որովհետեւ սխալներու մատնանշումները մարդոց ականջներն  ու մանաւանդ «ես»-ը կը վիրաւորեն: Առածը կ՛ըսէ` «Ճշմարտութիւնը կը վիրաւորէ», բայց ո՞րն է կարեւոր, մարդը չվիրաւորե՞լ, թէ՞ հաւաքական վիրաւոր կեանքը փրկելն ու դարմանելն է էականը:

Կեղծիքով չենք կրնար ապագան կերտել…

Նորահաս սերունդները այսօր մեզի պէս չեն մտածեր…

Կը փորձեմ վերջին «փամփուշտ մը կրակել», գէթ գալիք սերունդներու հաշուոյն, զիրար ընդունելու եւ փոխադարձ հասկացողութեամբ ապրելու անհրաժեշտութիւնը` ապագան փրկելու համար:

Արդ, կ՛եզրակացնեմ հետեւեալ հարցումով, ո՞վ է հաշուետուն եւ ո՞վ է հաշուեառը …

Գուցէ նոյն անձերն են…

 

 

 

Նախորդը

Գոյութիւն Ունեցա՞ծ Է Արցախի Հանրապետութիւն

Յաջորդը

Այնճարն Ու Այնճարցին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.