Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալպերթ Ազարեանի Յիշատակին Յարգանքի Տուրք` Պրոնզէ Արձանի Կանգնեցումով

September 10, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5 սեպտեմբերին հայ մեծանուն մարմնամարզիկ, բոլոր ժամանակներու մեծագոյն հայ մարզիկ Ալպերթ Ազարեանի մահուան տարելիցն էր:

Ֆիզիքական մշակոյթի եւ մարզական վաստակաւոր գործիչ, Ողիմպիական խաղերու եռակի ախոյեան, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան «Օղակներու արքային»` Ալպերթ Ազարեանի պրոնզէ արձանը տեղադրուեցաւ Կոմիտասի անուան այգիի պանթէոնին մէջ:

Արձանի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, տարելիցին առիթով մատուցուած է հոգեհանգիստի արարողութիւն, ուր ներկաները ծաղիկներ զետեղած են Ալպերթ Ազարեանի շիրիմին վրայ:

Ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի նախագահ Գագիկ Վանոյեան, Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Էտուարտ Ազարեան, Ողիմպիական խաղերու արծաթէ եւ պրոնզէ մետալակիր Արթուր Դաւիթեան, մարմնամարզութեան հաւաքականի մարզիկներ, մարզիչներ, մարզասէրներ եւ անշուշտ Ազարեան ընտանիքի անդամներ:

Պետական ֆինանսաւորումով կանգնեցուած արձանի հեղինակն է քանդակագործ Գոռ Դաւիթեան: Մարմնամարզիկի որդին` Էտուարտ Ազարեան ընտրած է վերջնական տարբերակը` «Ազարեանական խաչը»:

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան ըսած է, թէ Ալպերթ Ազարեանի տեղը գոցել կարելի չէ, իսկ հայկական մարմնամարզութեան ընտանիքը մէկ նպատակ ունի` մշտապէս բարձր պահել պատմական մարզիկին եւ անոր անունը կրող մարզական դպրոցին պատիւը:

«Ալպերթ Ազարեանի մահէն ետք մենք մեզի խոստացած էինք անպայման մետալ մը շահիլ Ողիմպիականի խաղերուն: Անշուշտ կը ցանկայինք ոսկի մետալ շահիլ, բայց վստահ եմ արծաթէ մետալն ալ պարոն Ազարեանին պիտի ուրախացնէր: Արթուր Դաւիթեանի Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերուն շահած պրոնզէ մետալի նկարը Ալպերթ Ազարեանը զետեղած էր իր աշխատասենեակի պատին վրայ: Շատ մեծ յառաջդիմութիւն կը նկատէր ատիկա: Պարոն Ազարեանը միշտ մեզի հետ է: Ողիմպիական ախոյեաններ ունեցած ենք եւ կրնանք նորէն ունենալ: Մարզադպրոցին մէջ իր բացակայութիւնը զգալի է եւ ձգած բացը շատ մեծ է, բայց ամէն ինչ պէտք է ընենք, որ Ալպերթ Ազարեանի անունն ու իր մարզադպրոցին պատիւը միշտ բարձր պահենք միջազգային հարթակի վրայ», ըսաւ Յակոբ Սերոբեան:

Նշենք, որ Ալպերթ Ազարեան 5 սեպտեմբեր 2023-ին 94 տարեկանին մահացած էր: Ան 1954-ին Հռոմի աշխարհի ախոյեանութեան շահած էր օղակներու ոսկի մետալը, ինչպէս նաեւ խմբային ոսկի մետալակիր դարձած էր:

1958-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան նոյն ոսկի մետալները շահած է` 4-ի հասցնելով իր ոսկի մետալներուն թիւը, մինչ աւելցուցած է նաեւ արծաթ մետալ մը` հորիզոնական ձողի մարզաձեւին գծով:

Ողիմպիական խաղերու գծով ան 1956-ին Մելպուռնի մէջ օղակներու եւ խմբային խաղերու ոսկի մետալները շահած է, իսկ 1960-ին օղակներու ոսկի մետալը, նաեւ խմբային արծաթ մետալը:

Եւրոպայի ախոյեանութեան 1955-ին Ֆրանքֆորթի մէջ շահած է 2 ոսկի (օղակներու եւ զոյգ ձողերու մարզաձեւին) եւ 2 արծաթ (անհատական եւ բարձր ձողերու մարզաձեւերուն): Ան մասնակցած է 49 տարբեր երկիրներու միջազգային մրցաշարքերու` շահելով 45 ոսկի, 42 արծաթ եւ 10 պրոնզ մետալներ:

Մարմնամարզութեան միջազգային ֆետերասիոնի վաւերացուած հաղորդագրութեան համաձայն, օղակներու վրայ անոր կատարած վարժութիւններու համալիրը պաշտօնապէս կոչուած է «Ազարեանական խաչ»:

 

Նախորդը

Թենիս. Սինըր Շահեցաւ «Եու. Էս. Օփըն»-ը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ

September 15, 2026
Հեծելարշաւ.  «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ
Մարզական

Հեծելարշաւ. «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ

September 15, 2026
«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց
Մարզական

«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.