Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Սապալենքա Եւ Փելուկա Հասան Աւարտական

September 7, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Եու.Էս.Օփըն»-ի աղջկանց աւարտական մրցումը տեղի կ՛ունենայ այս գիշեր, ուր աշխարհի թիւ 2 թենիսվումըն Արինա Սապալենքա (Պիելոռուսիա) կրցաւ դուրս ձգել 23 տարեկան Էմմա Նաւարոն` (թիւ12) 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով:

Նաւարօ, որ կը վայելէր համակիրներուն մեծամասնութեան քաջալերանքը, եւ համակիրները յոյսով էին տեսնել «զուտ ամերիկեան» աւարտական մը, չկրցաւ սեթ մը նոյնիսկ յաղթել աւելի պայքարող Սապալենքայի դէմ:

«Անցեալ տարի շատ դժուար փորձառութիւն մըն էր եւ դժուար դաս մը: Այսօր, մրցումի պահուն, ես ինծի ըսի… ո՛չ, ո՛չ, Արինա, անգամ մը եւս պէտք չէ կրկնել նոյն սխալները», ըսաւ Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքի տիտղոսակիր Սապալենքան, որ անցեալ տարի պարտուած էր ամերիկացի Քոքօ Կաֆէն` աւարտականին: «Դժուար պարտութիւնները բնաւ զիս չեն ընկճեր… ընդհակառակն` ինծի ուժ կու տան վերադառնալու եւ անգամ մը եւս փորձելու, աւելի լաւ պայքարելու եւ թերեւս կեդրոնանալու կարգ մը կէտերու վրայ, զորս չէի կրնար յաջողցնել անցեալին»:

Պիելոռուս թենիսվումընի աւարտականի մրցակիցը պիտի ըլլայ այլ ամերիկացի մը` Ճեսիքա Փեկուլա, որ դուրս ձգած էր չեխ Քարոլինա Մուչովան (թիւ 52)` 1-6, 6-4 եւ 6-2:

Սապալենքա, որ Փեկուլայի դէմ 7 ճակատումներէն 5-ը յաղթած է, ներառեալ անցեալ ամսուան Սինսինաթթիի մրցաշարքի աւարտականը, յայտնեց, թէ Փեկուլա (թիւ 6) շատ լաւ կը խաղայ այս մրցաշարքին:

Սապալենքա, որ տարի մը առաջ թիւ 1 դիրքը գրաւած էր կարճ ժամանակով, յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով հասաւ աւարտական: Ան Կրան շլիմի 4 մրցաշարքերէն միայն Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքը շահած է 2023-ին եւ 2024-ին, մինչ Ռոլան Կարոսի (2023) եւ Ուիըմպըլտընի (2021 եւ 2023) մրցաշարքերու կիսաւարտական հասած է:

Զոյգերու մրցումներուն ալ ան հասած է թիւ 1 դիրքը 2021-ին` շահելով Աւստրալիոյ եւ 2019-ին «Եու.Էս.Օփըն»-ը:

Նշենք, որ Փեկուլա քառորդ աւարտականին դուրս ձգած էր թիւ 1 թենիսվումըն լեհ Իկա Շվիանթեքը (6-2, 6-4):

Տղոց աւարտականին ալ ամերիկացի թենիսմեն մը ներկայ պիտի ըլլայ` նկատի ունենալով, որ Թէյլըր Ֆրից (թիւ 12) – Ֆրանսիս Թիաֆօ (թիւ 20) զուտ ամերիկեան կիսաւարտական մըն է, մինչ միւս կիսաւարտականը իրար դէմ պիտի հանէ թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք Սինըր եւ բրիտանացի Ճեք Տրէյփըր (թիւ 25):

Նախորդը

Հումելզ Միացաւ Ա.Էս.Ռոմային

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Ռիատի Յաղթանակներով Կը Մեկնի Սինկափուր

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» Խաղեր.  Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները
Մարզական

ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» Խաղեր. Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները

October 17, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Արարատ Արմենիա Պարտուեցաւ Լեհաստանի Մէջ
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Արարատ Արմենիա Պարտուեցաւ Լեհաստանի Մէջ

October 17, 2026
Նիկիտա Սիմոնեանը` Մոռցուա՞ծ…
Մարզական

Նիկիտա Սիմոնեանը` Մոռցուա՞ծ…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.