Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մոսկուան Կ՛ակնկալէ, Որ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Շուտափոյթ Խաղաղութիւն Կը Հաստատուի» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

August 31, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան կ՛ակնկալէ, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ շուտափոյթ խաղաղութիւն կը հաստատուի, ատիկա կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Եվտոքիմով:

«Դատելով կողմերու պաշտօնական յայտարարութիւններէն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծը գրեթէ համաձայնեցուած է:

«Ինչպէս իր պետական այցելութեան ընթացքին ընդգծած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Մոսկուան ուրախ պիտի ըլլար ներդրում ունենալու ատոր ստորագրման գործին մէջ: Յոյսով եմ, որ ատիկա տեղի պիտի ունենայ կարելի եղածին չափ շուտ, որովհետեւ անիկա կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ բարգաւաճման հասնելու ուղղութեամբ», յայտարարած է ռուս դիւանագէտը:

Դեսպան Եւտոքիմով յայտնած է, որ ներկայիս կը համաձայնեցուի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով շրջանային «3+3» ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումին ժամկէտը:

Ան յայտարարած է, թէ շրջանին մէջ արտաքին միջամտութիւնը անհրաժեշտ չէ, եւ Հարաւային Կովկասի պետութիւնները իրենք պէտք է լուծեն եղած խնդիրները: Ատոր համար իբրեւ արդիւնաւէտ հարթակ ան նշած է «3+3»-ը:

Այս առումով ան մտահոգիչ որակած է Հայաստանի վարած արտաքին քաղաքականութիւնը` ըսելով, թէ ատիկա մտահոգութիւն կը յառաջացնէ:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

Յաջորդը

«Ռուսական Կողմը Հաստատակամ Է Շարունակելու Եւ Զարգացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան Հետ Համագործակցութիւնը» Կ՛ըսէ Հայաստանի Մէջ Ռուսիոյ Դեպանատունը

RelatedPosts

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
Խալաֆով. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Հայաստանը Այս Պատմական Պատասխանատուութիւնը Ճիշդ Գնահատէ»
Հայկական

Խալաֆով. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Հայաստանը Այս Պատմական Պատասխանատուութիւնը Ճիշդ Գնահատէ»

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.