Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Բանակում` «Առասպելներու Ոգիով, Հերոսներու Շունչով, Յաւերժութեան Նպատակով» Խորագիրով

August 24, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, շաբաթ, 10 օգոստոսին, Պասքինթա շրջանին մէջ ընթացք առաւ «Առասպելներու ոգիով, հերոսներու շունչով, յաւերժութեան նպատակով» խորագիրը կրող մասնաճիւղին 2024 բանակումը:

Բանակումի ընթացքին անդամները ստացան այժմէական, մտային, դաստիարակչական, սկաուտական եւ այլ գիտելիքներ, ինչպէս նաեւ բանակավայրը յարդարեցին հսկայ եւ գեղեցիկ ձեռայիններով: Երեկոյեան խարուկահանդէսները շատ մեծ խանդավառութիւն եւ ճոխ մթնոլորտ ստեղծեցին մասնաճիւղի անդամներուն մէջ:

Նշենք, որ օրուան խարուկահանդէսները կը կրէին նաեւ ազգային բաժին: Անդամները ծանօթացան Հայ դատի նուիրեալ լիբանանահայ շարք մը հերոսներու կենսագրութեան ու անոնց յիշատակին նուիրուած երգերուն:

Չորեքշաբթի, 14 օգոստոսին բանակավայր ժամանեցին գայլիկ վոհմակի եւ արծուիկ երամի անդամները: Բանակավայրը ա՛լ աւելի ճոխացաւ գայլիկ-արծուիկներու խանդավառ կանչերով ու պարերով: Երեկոյեան բանակավայր այցելեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը եւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին վարչութիւնը:

Ուրբաթ, 16 օգոստոսին տեղի ունեցաւ աւանդութեան վերածուած մասնաճիւղային յայտագիրը: Այս տարի մասնաճիւղային յայտագիրը բաժնուած էր երեք մասերու: Առաջին հերթին Պասքինթա շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ կարճ ռալի փէյփըր մը, ուր անդամները ծանօթացան Պասքինթայի շրջանին: Ռալի փէյփըրին յաջորդեցին մրցակցական եւ հանգրուանային այլ խաղեր բանակավայրին մէջ: Օրը լեցուն էր մասնաճիւղի անդամներուն ժպիտով եւ ուրախ կանչերով: Աւարտին յաղթող խմբակը ստացաւ արժէքաւոր նուէրներ:

Տարեշրջանի պաշտօնական փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 17 օգոստոսին: Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ աստիճանատուչութիւն եւ մրցանակաբաշխութիւն: Խօսք առին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Ժանեթ Տէր Ղազարեան, որ անդրադարձաւ բանակումի կարեւորութեան եւ իւրայատկութեան, յաջողութիւն մաղթեց մասնաճիւղի անդամներուն` յուսալով, որ բանակումին սորված իրենց բոլոր գիտելիքները գործադրեն յառաջիկայ աշխատանքներուն ընթացքին:

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը արտասանեց Մարիա Չոլաքեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները,  անդրադարձաւ Սկաուտական խորհուրդի եւ խմբապետական կազմի ժրաջան աշխատանքին: Ան յայտնեց, որ այս տարեշրջանը կը տարբերի սովորական տարիներէն, որովհետեւ կը համընկնի ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի կառոյցի հիմնադրութեան 100-ամեակին, իսկ յառաջիկայ տարին ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի հիմնադրութեան 90-ամեակն է: Ան շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ը պարզապէս ակումբ մը, շէնք մը կամ կալուած մը չէ, այլ հայ երիտասարդը պահող, կերտող, հայավայել դաստիարակութիւն ուսուցանող կեդրոն է: Ան իր խօսքին աւարտին յայտնեց, որ վերանորոգուած յոյսերով եւ նոր աշխատանքի մեծ թափով պիտի  ուղղուինք դէպի մասնաճիւղի 90-ամեակ:

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Միրէյ Հարմանտայեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն եւ մասնաճիւղի բարեկամներուն` իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեան համար: Ան յայտնեց, որ դիւրին չէր այս պայմաններու ներքեւ կազմակերպել բանակումը, երբ անորոշութիւնը կը տիրէր, եւ օրը օրին կը ճշդուէին պայմանները: «Կասկած չունինք, որ մեր սկաուտները 90 տարիէ ի վեր սերունդէ սերունդ փոխանցուող ջահը իրենց կարգին պիտի փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն, եւ պիտի շարունակենք մեր երթը` մեր հայեցի դիմագիծը պահելով, հայեցի դաստիարակութիւն տալով, տէր կանգնելով մեր սկաուտական խոստումին եւ երդումին»: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն` իրենց վստահութեան համար:

Արարողութիւնը փակուեցաւ «Յառա՛ջ,  նահատակ» քայլերգով:

Պաշտօնական բաժինին յաջորդեց խարուկահանդէս: Իւրաքանչիւր խումբ ներկայացումներով, պարերով, թատրոնով եւ երգերով ճոխացուց խարոյկը: Խարուկահանդէսը փակուեցաւ «Արցախ» երգով:

Նախորդը

Շուշիկ Տասնապետեանին Յիշատակին

Յաջորդը

Ֆորմիւլա 1. Նետերլանտներու Կրան Փրին` Վաղը

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 18, 2026
Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն
Գաղութային

Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն

September 18, 2026
Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան
Գաղութային

Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.