Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Դիւանագիտութիւնը Եւ Սեւրի Պատմական Նշանակութիւնը

August 23, 2024
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՃՈՐՃ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

Հայերը պատմութեան ընթացքին մաս կազմած են բազմաթիւ ճակատագրական դաշնագիրներու: Մեր թագաւորութիւններու օրերէն` հասնելով Արցախի 44-օրեայ պատերազմի նոյեմբեր 9-ի համաձայնագիրին: Դժբախտաբար բոլորը չեն եղած` ի նպաստ հայ ազգի շահերուն, այլ կաշկանդած են հայերը եւ զրկած` իրենց  իրաւունքներէն: Կնքած ենք շարք մը կարեւոր դաշնագիրներ, որոնցմէ մէկն է Սեւրի դաշնագիրը` ունենալով անկիւնադարձային ազդեցութիւն, արթնցնելով խորհրդանշական յոյս մը հայերուն մէջ, որուն համար մինչեւ այսօր պայքարը կը շարունակուի:

Առաջին հերթին պատմական ակնարկով մը պիտի անդրադառնանք Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք տեղի ունեցած զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի իրավիճակին: Ապա ընդլայնելէ ետք Սեւրի դաշնագրի բովանդակութիւնը, մանաւանդ` հայերու ճակատագիրին վերաբերող, պիտի խօսինք թուրքերու հակազդեցութիւններուն եւ պատասխաններուն մասին` դաշնագրին շուրջ:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտէն ետք Օսմանեան կայսրութիւնը տկարացած էր իր դաշնակիցներու կողքին պարտութիւն կրելէ ետք: Ան պատերազմի ընթացքին կորսնցուց ընդարձակ տարածքներու վրայ իր վայելած իշխանութիւնը, որ արդիւնք էր ոչ միայն կայսրութեան պարտութեան, այլ նաեւ` զանազան ժողովուրդներուն բանեցուցած ճնշումներուն եւ ազգային շարժումներուն, որոնց շարքին էին քիւրտերու եւ հայերու տրամադրութիւնները:

Երկիրը կառավարելու կարողութիւնը նուազած էր: Հակառակորդ դաշնակիցները` Ֆրանսան եւ Մեծն Բրիտանիան, կ՛որոշեն վերջ դնել Օսմանեան կայսրութեան` իրենց ազդեցութիւնը ամրացնելու այդ շրջաններէն ներս: 30 հոկտեմբեր 1918-ին դաշնակիցներուն եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ կը կնքուի Մուտրոսի զինադադարը` յայտարարելով Պոլիսի պարտութիւնը: 1915 թուականի ջարդերէն ետք հայերուն մէջ կը ծնի վրէժխնդրութեան ոգին` իբրեւ հետեւանք 1,5 միլիոն ջարդուածներուն եւ միլիոնաւոր տեղահանուածներուն: Երկու տարի անկախ պետութիւն ունենալով` հայ ժողովուրդը կը փնտռէ առիթ մը, որպէսզի իր  արդար իրաւունքը պաշտպանէր համաշխարհային գետնի վրայ եւ վերատիրանար Արեւմտահայաստանի տարածքային իր իրաւունքներուն:

Դաշնակիցներուն ու հայերուն նպատակները կը համընկնէին իրարու, եւ բոլոր կողմերը կը սպասէին օսմանցիներուն տկարացումը: Հայերը մաս կազմեցին Վերսայի եւ Սեւրի դաշնագիրներուն` ունենալով կարեւոր ազդեցութիւն Օսմանեան կայսրութեան պարտութեան, նախագահ Ուիլսընի եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Լոյտ Ճորճի կողմէ «Փոքր դաշնակիցի» կոչումը ստանալով: Հայերուն աշխատանքը դիւանագիտական իմաստով նկատի առնուեցաւ դաշնակից ուժերուն կողմէ: Բայց ինչպէ՞ս հայերը օգտակար դարձան անոնց: Նախ հայերը, գլխաւորութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, միշտ ճնշած են թուրքերը: Երբ Ռուսիա պատերազմէն դուրս կու գայ, հայերը թուրքերուն դէմ պայքարը առանձին կը շարունակեն, յատկապէս` Պաքուի մէջ, ուր նաւթի հանքեր կային: Հայերը կը յաջողին խոչընդոտել նաւթի փոխադրութիւնը Պաքուէն Գերմանիա` պատճառ դառնալով Արեւելեան ճակատին վրայ Պերլինի պարտութեան, որուն մասին վկայած է նաեւ գերմանացի հրամանատար Էրիք վան Լուտընտորֆ:

Սեւրի դաշնագիրը ստորագրուեցաւ 10 օգոստոս 1920-ին, բաւական յետաձգուելէ ետք: Այդ ժամանակաշրջանին քեմալական ծայրայեղական շարժումը, քաջալերուած Խորհրդային Միութեան կողմէ, կը հզօրանայ: Սեւրի դաշնագիրին Հայաստան կը ներկայանայ իբրեւ հանրապետութիւն: Գլխաւոր պատգամաւորը կ՛ըլլայ Աւետիս Ահարոնեան, որ կը ստորագրէ հայ ազգի ամենակարեւոր համաձայնագիրնէրէն մէկը` այդ յուսահատ ազգին մէջ արթնցնելով պայքարի ոգին:

Դաշնագիրի կնքումը պարգեւատրում կը հանդիսանայ հայերուն` դաշնակիցներուն կողմէն, անոնց օգտակար դառնալու համար Համաշխարհային Ա. պատերազմին:  Դաշնագիրին 4-րդ մասի 88 եւ 89 յօդուածները ուղղակիօրէն կը վերաբերէին Հայաստանին, որոնց ընդմէջէն Թուրքիան եւ մնացեալ մասնակցող պետութիւնները կը ճանչնան Հայաստանը` իբրեւ ազատ ու անկախ պետութիւն: Կը քննարկուին նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանները: Թէեւ Միացեալ Նահանգները մաս չկազմեցին դաշնագրի կնքումին, սակայն Ուաշինկթըն ունեցաւ դիւանագիտական ազդեցիկ մասնակցութիւն` ճշդելով Հայաստանի սահմանները: Հայաստանին պիտի տրուէին Էրզրումի, Վանի, Պիթլիսի եւ Տրապիզոնի վիլայէթները` նահանգները: Ուիլսընեան Հայաստանի դրական յատկութիւններէն էին` ունենալ ելք Սեւ ծովու վրայ, որ տնտեսական առաւելութիւն կրնար տալ Հայաստանի: Ուիլսընեան Հայաստանի ընդհանուր տարածութիւնն էր 160.000 քառ. քիլոմեթր:

Դժբախտաբար այս մէկը չիրագործուիր, ահա թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ: Սեպտեմբեր 1920-ին կը սկսի քեմալական Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ պատերազմը, որ կը տեւէ մինչեւ 3 դեկտեմբեր, երբ Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը կը կնքուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ: Թշնամին հասած էր Ալեքսանդրապոլ, այսօրուան Գիւմրի, միեւնոյն ժամանակ պոլշեւիկները արեւելեան կողմէն կը ճնշէին Հայաստանի վրայ, որ կը ստիպուի խորհրդայնանալ: 13 հոկտեմբեր 1921-ին կը կնքուի Կարսի համաձայնագիրը: Անվաւեր այս պայմանագրերով Հայաստան կը կորսնցնէ Կարսի, Նախիջեւանի եւ Արտահանի նահանգները: 24 յուլիս 1923-ին կը կնքուի Լոզանի դաշնագիրը, որուն միջոցով Դաշնակիցներուն եւ Թուրքիոյ միջեւ հարցերը վերջ կը գտնեն: Եւ ահա Սեւրի դաշնագիրը անվաւեր կերպով չեղեալ կը համարուի եւրոպական երկիրներու կողմէ:

Հայերը 6 դար կը պայքարին ազատ, անկախ պետութիւն կերտելու, եւ Սեւրի դաշնագիրը կ՛ըլլայ այն փաստաթուղթը, որ հայերուն կու տայ այդ իրաւունքը: Սեւրը ընդունեց եւ ճանչցաւ հայերուն ներդրումը Դաշնակիցներուն յաղթանակին: Ճանչցաւ նաեւ Հայաստանի անկախ պետութիւնը: Հայ ազգը տուած էր աւելի քան 1,5 միլիոն զոհ, անմարդկային եւ անարդար վերաբերմունք պիտի ըլլար անտեսել հայ ազգը:

Այո՛, դաշնագիրը կը մնայ միմիայն թուղթի վրայ` այն տպաւորութիւնը ստեղծելով, որ անոր վերակենդանացումը անհնար է: Սակայն անոր գոյութիւնը փաստ է, որ Հայոց ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, եւ Հայկական հարցը հեքիաթ մը չէ: Հայերը վստահելով օտար երկիրներու` զէնքերը վար առին եւ զիջումներ ներկայացուցին, մինչ քանի մը տարի ետք թուրքը արդէն իսկ լծուեցաւ Հայկական հարցի վերացման:

Այդ հսկայ ուիլսընեան Հայաստանէն կը մնայ միմիայն քառակոյտ մը, փոքրիկ երկիր մը, որ կը խորհրդայնանայ: Սեւրի դաշնագիրը անհրաժեշտ միջոցներէն մէկը եղաւ Հայկական հարցի ճանաչման համաշխարհային գետնի վրայ ու կը շարունակէ մնալ Հայաստանի իսկական եւ արժանի սահմաններուն իրականացման ու հայերու արդար իրաւունքներուն պաշտպանման համար լաւագոյն փաստաթուղթը:

 

Նախորդը

Սեւրի Դաշնագիրը Ու Հայաստանը Վտանգի Տակ

Յաջորդը

Մեր Խօսքը

RelatedPosts

ԼԵՄ-ականներուն Մտորումները` Լիզպոնի Գործողութեան Մասին
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ականներուն Մտորումները` Լիզպոնի Գործողութեան Մասին

July 25, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

July 6, 2026
Ընտրութիւններ, Ազգային Մարտահրաւէրներ Եւ Վաղուան Հայաստանի Հարցը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ընտրութիւններ, Ազգային Մարտահրաւէրներ Եւ Վաղուան Հայաստանի Հարցը

July 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.