Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պիւլպիւլօղլու Յայտնած Է Արցախի Մէջ Ընդհանուր Հիւպատոսութիւն Բանալու Ռուսիոյ Ցանկութեան Մասին, Իսկ Ետքը Մեղադրած ԹԱՍՍ-ը

August 20, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլու ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Ռուսիան փափաք յայտնած է Արցախի մէջ ընդհանուր հիւպատոսութիւն բանալու:

«Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի ղեկավար Կրիկոր Քարասին նախապէս յայտնած էր, որ շուտով պիտի սկսի Խանքենտիի մէջ (Ստեփանակերտի, «Ա.») Ռուսիոյ ընդհանուր հիւպատոսութեան բացման նախապատրաստութիւնը: Կա՞յ արդեօք կողմնորոշում, թէ Ղարաբաղի մէջ ռուսական ընդհանուր հիւպատոսութիւնը ե՛րբ պիտի բացուի», անոր հարցուցած է ԹԱՍՍ-ի թղթակիցը:

«Ռուսիան ցանկութիւն յայտնած է հիւպատոսութիւն բանալու, որովհետեւ մենք Ռուսիոյ մէջ երկու հիւպատոսութիւն ունինք` Եքաթերինպուրկի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Հաշուի առնելով Ռուսիոյ չափերը եւ ձեր երկրին մէջ ազրպէյճանցիներուն թիւը, ատիկա բնական է: Իսկ ահա Ազրպէյճանի մէջ հիւպատոսութիւններու աշխատանքի դաշտը աւելի սահմանափակ է: Բայց եւ այնպէս, այդ ուղղութեամբ աշխատանքը կ՛ընթանայ, կ՛առաջարկուին տարբերակներ: Այդ հարցը քննարկման փուլի մէջ է», Պիւլպիւլօղլուի խօսքերը մէջբերած է ԹԱՍՍ-ը:

Աւելի ուշ, Ազրպէյճանի դեսպանը ազրպէյճանական «Հաքքին» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ ԹԱՍՍ-ը «խեղաթիւրած» է Ռուսիոյ հիւպատոսարանի բացման վերաբերեալ իր խօսքերը:

«Ես չեմ ըսած, որ Ղարաբաղի մէջ կրնայ Ռուսիոյ ընդհանուր հիւպատոսութիւն յայտնուիլ: Ես ըսած եմ, որ այդ հարցը քննարկման փուլի մէջ է», յայտնած է ան:

Պիւլպիւլօղլու Կ՛ուզէ Հեռանալ Դեսպանի Պաշտօնէն
Եւ Շուշիէն Երեսփոխան Դառնալ

Պիւլպիւլօղլու ԹԱՍՍ-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նաեւ խօսած է Մոսկուայի մէջ իր երկարաժամկէտ դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին մասին:

«Ես 18,5 տարի աշխատած եմ Մոսկուայի մէջ, ատիկա շատ է դիւանագիտական ծառայութեան համար, եւ այս փուլին աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի խորհրդարանին մէջ ներկայացնել իմ հայրենի Շուշան, ես իսկապէս յոյս ունիմ, որ պիտի ընտրուիմ, եւ մեծ պատիւ պիտի ըլլայ Ղարաբաղի ազատագրումէն ետք առաջին երեսփոխանը ըլլալ», նշած է ան:

 

Նախորդը

Զելենսքի. «Քուրսքի Մարզին Մէջ Քիեւի Նպատակը Արգելակիչ Գօտի Ստեղծելն Է»

Յաջորդը

Քենաանի. «Կը Վերահաստատենք Մեր Գերիշխանութեան Վրայ Յարձակումին Հակադարձելու Մեր Իրաւունքը Եւ Լարուածութեան Մագլցման Չենք Ձգտիր»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.