Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 20, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար եւ Ազգային արտակարգ դրութեան յանձնախումբի համակարգող Նասեր Եասին յայտնեց. «Ելեկտրականութեան հոսանքի մատակարարման իր նախորդ աստիճանի, այսինքն` օրական երեք կամ չորս ժամի վերադարձը քանի մը օրուան կը կարօտի»:

Նախարարի պաշտօնակատարին համաձայն, «պետութիւնը սնանկացած չէ, այլ չորս տարիէ ի վեր դրամական նեղ կացութեան մէջ: Պետութեան ելեւմտական կացութիւնն ու եկամուտը երկու տարիէ ի վեր բարելաւման ընթացքի մէջ են, եւ գանձատան մէջ գումարները ապահովուած են, սակայն խնդիրը կապուած է ելեկտրական ոլորտի վատ կառավարման»:

«Սննդեղէնի պահեստը բնական է, եւ տնտեսութեան ու երկրագործութեան նախարարութիւններուն միջեւ համակարգում տեղի կ՛ունենայ ստուգելու լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ ցրուումը սննդեղէնին, որ նաւահանգիստի պահեստանոց կը հասնի», ըսաւ ան:

– ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ հակադարձելով հարաւային Լիբանանի գիւղերու իսրայէլեան թիրախաւորման, հրետանիով ու հրթիռներով ռմբակոծած է Զարհիթի իսրայէլեան զօրանոցն ու անոր մերձակայքը գտնուող զինուորներու համախմբումը:

Կուսակցութիւնը նաեւ Քատմուս շրջանին մէջ իսրայէլեան յարձակումին ու ահաբեկման հակադարձելով քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով հարուածած է իսրայէլեան բանակի արեւմտեան թիւ 300 զօրամասի Եահրա զօրանոցն ու իսրայէլեան բանակի հիւսիսային հրամանատարութեան գումակային Սանթ Ժին ռազմակայանը:

– ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ «Լուֆթանզա» օդանաւային ընկերութիւնը դէպի Պէյրութ, Թել Աւիւ, Թեհրան, Ամման եւ Էրպիլ իր թռիչքներու առկախումը երկարաձգեց մինչեւ 26 օգոստոս:

Զուիցերիական, աւստրիական եւ «Եուրօ Ուինկզ» օդանաւային ընկերութիւնները իրենց կարգին նշեցին, որ մինչեւ այդ թուականը պիտի խուսափին իրանեան եւ իրաքեան օդանաւային տարածքներէն:

– ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Կեդրոնական հետաքննութեան մարմինի նախագահին յղեց շրջաբերական մը` անկէ պահանջելով անմիջապէս հետաքննութիւն կատարել ելեկտրականութեան հոսանքի ամբողջական խզման հարցին շուրջ:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը յայտարարեց, թէ Հըզպալլայի անօդաչու թռչող սարքով հիւսիսային Իսրայէլի արեւմտեան Գալիլիա շրջանին վրայ յարձակումին պատճառով իսրայէլեան բանակէն տասնապետ մը մահացած է:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ լրատուամիջոցներ հաղորդեցին. «Հիւսիսին մէջ դժուար դէպքին մասնակից էին 5 անօդաչու թռչող սարքեր, որոնցմէ 3-ը վնասազերծուեցան, իսկ 2-ը ներթափանցեցին, ուստի ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ Հըզպալլան 50 կամ 100 անօդաչու թռչող սարքեր արձակէ»:

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բողոք ներկայացուցած է իսրայէլեան օդուժին կողմէ լիբանանեան շրջաններու, ներառեալ Պէյրութի վերեւ «Ձայնի պատ»-ը խզելուն դէմ, որ Լիբանանի գերիշխանութեան օդային տարածքի, Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի եւ շարք մը միջազգային մարդասիրական օրէնքներու ոտնահարում է:

 

 

Նախորդը

Պլինքըն. «Վճռումի Պահն Է, Թերեւս Համաձայնութեան Վերջին Առիթը»

Յաջորդը

Իրաքի Կառավարութիւնը Կը Հերքէ, Թէ Դադրած Է Լիբանանին Վառելանիւթ Մատակարարելէ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.