Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնֆերենս Լիկ. Փիւնիկ Եւ Նոա Հասան Զտումի Աւարտական Հանգրուան

August 17, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի գիշեր Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ 6.300 համակիրներու ներկայութեան 1-0 արդիւնքով կրկնեց իր երթի յաղթանակը եւ հասաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ» մրցաշարքի զտումի աւարտական հանգրուան:

Նիկերիացի Եուսուֆ Օթուպանճօ, որ երթին ալ Ղազախստանի մէջ նշանակած էր Օրտապաշի դէմ մրցումին միակ կոլը, նշանակեց Երեւանի մէջ տեղի ունեցած դարձի մրցումի 66-րդ վայրկեանին:

Փիւնիկ շատ աւելի լաւ էր եւ աւելի վտանգեց մրցակիցի բերդը: Աւարտական հանգրուանին, Փիւնիկ մրցակիցը պիտի ըլլայ Սլովենիոյ Ցելիէ ակումբը, 22 (երթ, Երեւան) եւ 29 օգոստոսին:

Աթէնքի մէջ, Նոա բաւական դժուար մրցումէ մը ետք կրցաւ դիմանալ 90 վայրկեանէն աւելի եւ 92-րդ վայրկեանին կոլ մը ստացաւ, բայց հասաւ աւարտական հանգրուան` շնորհիւ երթին 3-1 արդիւնքով մեծ յաղթանակին:

Աւարտական հանգրուանին, Նոա պիտի մրցի Սլովաքիոյ Ռուզեմպերոք ակումբին դէմ, 20 (երթ, Երեւանի մէջ) եւ 29 օգոստոսին:

Արարատ Արմենիա, որ Հունգարիոյ մէջ կը մրցէր Փուշքաշ Ակադեմիայի խումբին դէմ, 94-րդ վայրկեանին կոլ ստացաւ եւ դուրս մնաց մրցաշարքէն:

Հունգարական ակումբը, որ երթին Երեւանի մէջ 1-0 արդիւնքով անակնկալ արդիւնք մը արձանագրած էր: 7-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը: Կիսախաղ չեղած, Արթուր Սերոբեան եւ Յովհաննէս Յարութիւնեան կրցած էին Արարատ Արմենիա խումբին առաւելութիւն տալ: 47-րդ վայրկեանին հունգարական կազմը արդիւնքը հաւասարեցուց (2-2): 62-րդ վայրկեանին քենիացի Ամոս Նոնտի կարմիր քարտ ստացաւ, սակայն Արարատ 1 մարզիկ պակաս ունենալով հանդերձ պայքարը շարունակեց եւ 85-րդ վայրկեանին կոլ ալ նշանակեց` շնորհիւ քոլոմպիացի Եոնաթան Տուարթէի:

Մարզիչ Վարդան Մինասեան դժգոհ էր մրցումին պատահած դէպքերէն, բայց լրագրողներուն յայտնեց որ երկու մրցումներուն ալ մրցակիցէն շատ աւելի լաւ էր իր խումբը, բայց երբեմն բախտը, երբեմն ալ մրցումի պայմանները պատճառ կ՛ըլլան արդար արդիւնքի չհասնելուն:

Յաղթանակի պարագային, Արարատ Արմենիա իր դէմ պիտի ունենար Իտալիոյ Ֆիորենթինան:

Հինգշաբթի օր, «Եուրոփա լիկ»-ի զտումի մրցումներուն նոր մրցանիշ մը հաստատուեցաւ, երբ Այաքս Ամսթերտամ – Փանաթինայքոս մրցումին խումբերը հարուածեցին 34 փենալթիներ (17ական), որոնցմէ ետք Այաքս կրցաւ յաղթել 13-12 արդիւնքով: Մրցումին Փանաթինայքոս 1-0 արդիւնքով յաղթած էր (89-րդ վայրկեանին)` ջնջելով Յունաստանի մէջ Այաքսի յաղթանակին առաւելութիւնը:

 

Նախորդը

Եւրոպայի Գերբաժակ. Ռէալ Մատրիտ 6-րդ Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այս Շաբաթավերջին Կը Սկսին Կարեւոր 5 Ախոյեանութիւնները

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.