Պայերն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ ազգային խումբի խմբապետ եւ պատմութեան լաւագոյն միջնապահներէն Լոթար Մաթէոս վերջերս իր կարծիքը յայտնած էր յառաջիկայ տարեշրջանի «Պունտըսլիկա»-ի հաւանական ախոյեանին գծով` նշելով, որ անցեալ տարուան ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն կը մնայ գլխաւոր թեկնածուն:
Ան ըսած է, թէ Պայեր Լեւերքուզըն կրնայ լաւագոյն խումբը ոչ թէ որովհետեւ անպարտելի ախոյեանն ու բաժակակիրն էր, այլ որովհետեւ համեմատելով Պայերն Միւնիխի եւ Պորուսիա Տորթմունտի հետ, ան ակնյայտ առաւելութիւններ ունի: «Մարզիչ Չապի Ալոնսօ արդէն 2 տարիէ ի վեր կը մարզէ եւ պահած է իր խումբը, որ աւելի եւս զօրացած է Մարթին Թերրիէի (Ռենն), Ալեքս Կարսիայի (Ժիրոնա) եւ Ժանուէլ Պելոսիանի (Ռենն) միացումով», ըսած է Մաթէոս «Պիլտ» կայքին:
2023-2024 եղանակին Պայեր Լեւերքուզըն առանց պարտութեան (90 կէտ) դարձած էր Գերմանիոյ ախոյեան: Պայերն Միւնիխ 72 կէտ շահած էր գրաւելով 3-րդ դիրքը, Շթութկարթի ետին:
Նշենք, որ Գերմանիոյ 2024-ի լաւագոյն մարզիչ ընտրուած էր Չապի Ալոնսօ, մինչ լաւագոյն մարզիկի տիտղոսը ստացած էր Թոնի Քրուս, որ լքեց ֆութպոլը 2024-ի Եուրոյի մրցաշարքի աւարտին: Ան Ռէալ Մատրիտի հետ դարձած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան:


