Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Վերջին Օրերուն Ջախջախիչ Հարուածներ Հասցուցած Է Թշնամիներուն»

August 2, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պատկերասփռուած յայտարարութեան ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ «ջախջախիչ հարուածներ» հասցուցած է իր թշնամիներուն: Այս մասին հաղորդեց «Սի.Էն.Էն.»-ը:

«Չարի առանցքի երեք ճիւղերն են Համասը, հուսիները եւ Հըզպալլան: Վերջին քանի մը օրուան ընթացքին մենք ջախջախիչ հարուածներ հասցուցած ենք անոնցմէ իւրաքանչիւրին, եւ անոնց հետ հաշիւ մաքրած ենք: Մենք հաշիւ պիտի մաքրենք ոեւէ մէկուն հետ, որ պիտի վնասէ մեզի, պիտի սպաննէ մեր երեխաները, քաղաքացիները: Ոեւէ մէկը, որ պիտի վնասէ մեր երկրին, պիտի ըլլայ իր սեփական մահուան պատասխանատուն», ըսած է Նեթանիահու:

Իսրայէլեան կառավարութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Պատրաստ ենք Իրանի եւ Հըզպալլայի սպառնալիքէն մենք մեզ պաշտպանելու»:

«Պիտի հակադարձենք Հըզպալլայի եւ հուսիներու կողմէ որեւէ յարձակումի», նշեց իսրայէլեան կառավարութեան բանբերը` աւելցնելով. «Մեր ձեռքը մեր վրայ բոլոր յարձակում գործողներուն կը հասնի»:

Իսրայէլեան կառավարութեան բանբերը նաեւ զգուշացուց. «Իսրայէլ որեւէ կողմի որեւէ յարձակումին համար շատ սուղ գին վճարել պիտի տայ»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց, որ Համասի զինեալ թեւին` Քասսամի փաղանգներու հրամանատար Մոհամետ Տէյֆի սպանութիւնը «Համասի` իբրեւ զինուորական ու կառավարական կազմակերպութիւն ոչնչացման ու պատերազմի նպատակներու իրագործման ճամբուն վրայ մեծ քայլ է»:

Իսրայէլեան բանակը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ սպաննած է Քասսամի փաղանգներու հրամանատար Մոհամետ Տէյֆը` «անցեալ ամիս Խան Եունեսի մէջ զինք թիրախաւորած Շապաքի հետ միացեալ գործողութեան ընթացքին»:

«Պատերազմական օդանաւերը ռմբակոծեցին համալիր մը, ուր կը գտնուէին Մոհամետ Տէյֆն ու Ռաֆեհ Սալամէն», նշեց իսրայէլեան բանակը:

Միւս կողմէ, Համասէն աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին. «Կը նախատեսուի, որ Խալետ Մեշաալ ընտրուի շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ փոխան Իսմայիլ Հանիէի, որ չորեքշաբթի օրուան կանուխ ժամերուն ահաբեկուեցաւ Իրանի մէջ»:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ 68-ամեայ Մեշաալ աքսորի մէջ Համասի քաղաքական ղեկավարն էր, երբ մէկ տարի ետք` 1997-ին Իսրայէլ փորձեց ահաբեկել զինք:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Ակադեմիա. Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Խամենէի Հրամայած Է Ուղղակի Հարուած Հասցնել Իսրայէլին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.