Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտանիք Կամ Անտանիք

July 30, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Վերջին տարիներուն օրէ օր, ամիսէ ամիս, տարիէ տարի զգալի է մեծ ընտանիքներու աւանդական հանդիպումներու բացակայութիւնը:

Այդ մէկը աւելի զգալի սկսած է դառնալ ուրախ եւ տխուր առիթներու, երբ կը նշմարենք, որ այդ ընտանեկան հաւաքոյթը ինքնին ձեւական կը թուի: Անմիջական ընտանիքի հասկացողութենէն դժբախտաբար մնացած է միայն քու ընտանիքդ, այսինքն` քու անմիջական ընտանիքդ:

Ժամանակին կիրակի օրերու հաւաքները, հարսանեկան կամ մահուան առիթներով հաւաքները ունէին` ուրիշ ջերմութիւն, ուրիշ կապ, ուրիշ ակնկալութիւն, ուրիշ հոգեկան բաւարարութիւն:

Կիրակի օրուան հաւաքները, հակառակ պարտաւորիչ ըլլալնուն, առիթներ էին սերտ ու անմիջական կապեր հաստատելու իրարու հետ:

Դժբախտաբար այս օրերուն այդ առիթները հետզհետէ հազուադէպ կը դառնան, իսկ հաւաքուելու պարագային, հոն գտնուողները կարծէք անծանօթներ են, կամ աւելի ճիշդը` նոր ծանօթանալու առիթներ կը հանդիսանան այդ հաւաքները:

Փաստօրէն մահազդներէն կը նկատենք կամ աւելի ճիշդ` հարսանիքներու ժամանակ ականատես կ՛ըլլանք շատ տարբեր երկիրներէ հարազատներու, որոնք բոլորն ալ խորքին մէջ նոյն ընտանիքի անդամներ են, բայց իրականութեան մէջ` անծանօթ ազգականներ:

Հաւանաբար պէտք է համակերպինք այս կացութեան հետ: Պէտք է ընդունինք, որ ընտանիքի առաջուան հասկացողութիւնը այլեւս գոյութիւն չունի: Եղբայր, քոյր, հօրեղբօր աղջիկ, մօրեղբօր զաւակներ… մոռցիր այդ բոլորը:

Ընտանիքը, այսօրուան հասկացողութեամբ, դուն եւ քու անմիջական ընտանիքդ էք` կողակիցդ եւ զաւակներդ:

Բնականաբար կեանքի ընթացքը, հեւքը այնպէս մըն են, որ ամէն բան փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, յատկապէս զգացական աշխարհն ու աւանդութիւնները սկսան նահանջել ու պարպուիլ իրենց էութենէն: Համաշխարհայնացման այս քաոսին մէջ ընտանիքի խորհուրդը դատարկելու ձեւ մըն է հաւանաբար, որ մեծ համայնապատկերի վրայ աւելի հասկնալի կը դառնայ:

Մնացեալը առիթներու յատուկ կապեր են, ժամանակի ընթացքին առիթներով հանդիպումներու վերածուած  տեսակցութիւն մը: Այդ պատճառով ալ կան բարեկամներ, որոնք ընտանիքի պէս են, կան նաեւ ուրիշներ` հարազատի պէս:

Այս է իրականութիւնը:

Ընտանիքի նախկին աւանդական տոհմիկ հաւաքները արդէն գոյութիւն չունին, մէկը միւսին հասնելու, մէկզմէկու ուրախութիւնը բաժնեկցելու կամ տխրութիւնը կիսելու տրամադրութիւններն ու պատրաստակամութիւնը չքացած են:

Համակերպինք, ընդունինք, սթափ մտածենք, որպէսզի յանկարծ մեր սիրտը կանգ չառնէ, եւ ընտանիքները մնան առանց տանիքի:

 

 

Նախորդը

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Է.)

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին

October 13, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.