Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Շուկան» Նախաձեռնութեան Տասներորդը Պուրճ Համուտի Մէջ

July 27, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, կիրակի, 21 յուլիսին կէսօրէ ետք ժամը 1:00-8:00 «Արաքս» փողոցի մէջ տեղի ունեցաւ «Մեր շուկան» տասներորդ նախաձեռնութիւնը:

Օրուան հանդիսավարներն էին Մարալ Մխսեան եւ Սեւան Ադամեան, որոնք մերթ ընդ մերթ ներկայացուցին յայտագիրը եւ ներկաներուն ծանօթացուցին ձեռնարկի մասնակիցները:

«Մեր շուկան» նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած էին անհատներ, որոնք ցուցադրած էին իրենց մարզէն ներս ապրանքներ, ինչպէս` գիրքեր, զարդեղէններ, արուեստի գործեր, ձեռային աշխատանքներ, պայուսակներ, խաղալիքներ, յուշանուէրներ, անուշեղէններ, ճաշատեսակներ: Սոյն նախաձեռնութեան իրենց կրպակը ունէին նաեւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» եւ «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութիւնները:

Այս անգամ «Մեր շուկան» ունէր տարբեր բնոյթ: Կը ներառէր նաեւ կերպարուեստի ցուցադրութիւն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին գեղանկարչական տարբեր դպրոցներ: Գեղանկարիչ Գրիգոր Արբաճեանի գլխաւորութեամբ «Աթըլիէ տ՛արը»-ը մասնակցած էր վեց աշակերտներով, որոնք ցուցադրած էին իրենց արուեստի տարբեր գործերը, գեղանկարիչ Մարալ Փանոսեանի ղեկավարած «Այբ թու զետ արթ աքատեմի»-էն  11 կիներ եւս ներկայացուցած էին իրենց աշխատանքները: Այս բաժինով իր մասնակցութիւնը բերած էր նաեւ գեղանկարիչ Մուշեղ Գարավարդանեան` ցուցադրելով արուեստի կարգ մը գործեր:

Այցելուներու շարքին «Մեր շուկան» այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան:

Կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն սկսեալ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ ընթացք առաւ «Հայկական թրիօ» խումբին կատարումներով, ապա հանդէս եկաւ «Փոքրերու աշխարհ» մանկապատանեկան խումբը: Ժամը 6:30-ին փունջ մը երգերով ելոյթ ունեցան Ղազար Քէօշկերեան, Ռոզալի Պօղոսեան եւ Մարինա Թոփուզխանեան`  երգեհոնի վրայ ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:

Նախորդը

Տաքութեան Դէմ Պայքարինք

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Բաց Նամակ Անարժէքներու Շքախումբին

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.