Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցան 2024-ի ողիմպիական մրցումներու ֆութպոլի շարք մը մրցումներ` պաշտօնական բացման հանդիսութենէն առաջ (այսօր):
Ա. խմբակին մէջ, Ֆրանսայի Ողիմպիական խումբը 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Միացեալ Նահանգները: Վեթերան յառաջապահ Ալեքսանտր Լաքազեթ (33 տարեկան) Միքայէլ Օլիսի (Պայերն Միւնիխ) փոխանցումէն ետք բացաւ մրցումին հաշիւը ի նպաստ Թիերի Հանրիի մարզած Ֆրանսայի ողիմպիական խումբին:
Նոյնինքն Օլիս նշանակեց 2-րդ կոլը` Լաքազեթի փոխանցումէն օգտուելով:
Մինչ Լոյք Պատ (Սեւիա) նշանակեց Ֆրանսայի 3-րդ կոլը 85-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ ողիմպիական խումբերու օրէնքին հիման վրայ, խումբերը կրնան մասնակցիլ իրենց 23 տարեկանէն վար մարզիկներով եւ միայն իրաւասութիւն ունին երեք երէց մարզիկներ օգտագործելու: Ֆրանսա դաշտ կը ներկայացնէ Լաքազեթը (33 տարեկան), Ժան-Ֆիլիփ Մաթեթան (24 տարեկան) եւ Լոյք Պատը (27 տարեկան):
Նոյն խմբակին մէջ, Նոր Զելանտա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Կինէն:
Բ. խմբակին մէջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն երկար մրցումը: Երկար մրցում այն պատճառով, որ Սենթ Էթիենի մէջ տեղի ունեցած Մարոք-Արժանթին մրցումը 2-1 արդիւնքով կ՛աւարտէր, երբ Արժանթին 106-րդ վայրկեանին հաւասարութեան կոլ մը նշանակեց, բան մը, որ կառչեցուց Մարոքի համակիրները, որոնք տարբեր տեսակի իրեր նետեցին դաշտ իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն: Առաւել, հազիւ իրաւարարին սուլիչը լսած, դաշտ խուժեցին կարծելով, թէ մրցումը աւարտած է:
Երբ իրարանցում սկսաւ, մարզիկները ստիպուեցան լքել դաշտը, եւ 2 ժամէ աւելի դադարէ ու համակիրները դաշտէն պարպելէ ետք, մրցումին վերջին վայրկեանները շարունակուեցան, սակայն վերսկսելէն քիչ առաջ, Արժանթինի հաւասարութեան կոլի ստուգման ժամանակ նկատուեցաւ, որ Արժանթինի մարզիկը օֆ-սայտի դիրքի մէջ էր, եւ կոլը չեղեալ նկատուեցաւ: Այդ վերջին 3 վայրկեանները շարունակուեցան, եւ աւարտին Մարոք 2-1 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:
Առաջին կիսախաղին Մարոք համեմատաբար աւելի լաւ էր եւ կիսախաղէն առաջ Սուֆիան Ռահիմի արագ կոլ մը նշանակեց Արժանթինի բերդին մէջ: Բ. կիսախաղի սկիզբը կարծր թաքըլէ մը ետք Մարոք նշանակեց իր երկրորդ կոլը` շնորհիւ Ռահիմիի փենալթիին, մինչ Արժանթին կոլ մը նշանակեց, բայց ՎԱՐ-ը չվաւերացուց կոլը օֆ սայտի պատճառով:
Արժանթինի մարզիչ Խաւիէ Մասքերանօ դաշտ ներկայացուց Աթլեթիքօ Մատրիտի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէի տղան` Ճուլիանոն, որ 68-րդ վայրկեանին կրցաւ նշանակել գեղեցիկ կոլ մը ի նպաստ Արժանթինի: Այս կոլէն քանի մը վայրկեան առաջ, Ռահիմի հեթ թրիք իրագործելու վրայ էր, բայց բերդապահ Ժերոնիմօ Ռուլլի կրցաւ փրկել կացութիւնը:
72-րդ եւ 82-րդ վայրկեաններուն Ամիոնէ եւ Եուլիան Ալվարես առիթներ կորսնցուցին արդիւնքը հաւասարեցնելու:
106-րդ վայրկեանին Նիքոլաս Օթամենտիի առիթը կոլէն փրկեց մարոքցի բերդապահ Մունիր, սակայն գնդակը 2 անգամ զսպուելէ ետք հասաւ Քրիսթիան Մետինայի, որ նշանակեց 2-րդ կոլը` արդիւնքը հաւասարեցնելով: Այս կոլէն ետք, ինչպէս նշեցինք, մրցումը ընդհատուեցաւ, եւ ՎԱՐ-ի վաւերացումէն ետք, չեղեալ նկատուեցաւ կոլը… 2 ժամ ետք: Նշենք, որ Արժանթինի երէց մարզիկներն են բերդապահ Ռուլիի (32 տարեկան), Նիքոլաս Օթամենտի (36 տարեկան) եւ Խուլիան Ալվարես (24 տարեկան): Մարոքի երէցներն են` Աշրաֆ Հաքիմի (25 տարեկան), բերդապահ Մունիր (35 տարեկան) եւ Սուֆիան Ռահիմի (28 տարեկան):
Նոյն խմբակին մէջ, Իրաք 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ուքրանիոյ: Սպանիոյ Ողիմպիական խումբը 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ուզպեքիստանի մինչ Եգիպտոս 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Տոմինիքեան հանրապետութեան հետ (Գ. խմբակ):
Դ. խմբակէն Ճափոն, որ միակ խումբն է, որ առանց երէցներու կը մասնակցի, 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Փարակուէյը: Մալի 1-1 արդիւնքով արձանագրեց Իսրայէլի հետ:


