Այսօր տեղի կ՛ունենայ Ուիմպըլտընի թենիսի բաց մրցաշարքի աղջկանց աւարտականը` իտալացի Ճասմին Փաուլինիի (թիւ 7) եւ չեխ Պարպորա Քրէյչիքովայի (թիւ 31) միջեւ:
Առաջին 3 դասուած թենիսվումըններուն դուրս ելլելէն ետք, կը սպասուէր, որ թիւ 4 Էլինէ Ռիպաքինա (Ղազախստան) դիւրութեամբ շահի Ուիմպըլտընի մրցաշարքը, սակայն չեխ Քրէյչիքովա սեթ մը կորսնցնելէ ետք, 2 սեթեր յաղթեց եւ դուրս ձգեց Ռիպաքինան` 3-6, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով:
2022-ի փետրուարին Քրէյչիքովա հասած էր թիւ 2 դիրքին, բայց յաճախ վիրաւորուելով եւ աւելի կեդրոնանալով զոյգերու մրցումներուն վրայ, ան նահանջեց եւ այժմ թիւ 32 թենիսվումընն է:
Քրէյչիքովայի մրցակիցը պիտի ըլլայ իտալացի Ճասմին Փաուլինին, որ Ռոլան Կարոսի մրցաշարքին ալ հասած էր աւարտականին` դառնալով փոխախոյեան, (Շվիանթեքի ետին):
Փաուլինի կիսաւարտականին դուրս ձգեց խրուաթ Տոննա Վիքիչը` մարաթոն մրցումի մը ընթացքին (3 ժամէն քիչ մը պակաս):
Վեքիչ առաջին սեթը յաղթած էր 36 վայրկեանէն` 6-2 արդիւնքով, մինչ Փաուլինի 6-4 եւ 7-6 (10-8) արդիւնքով փոխադարձեց եւ հասաւ աւարտական:
Տղոց աւարտական մրցումին հասաւ սպանացի Քարլոս Ալքարաս, որ կիսաւարտականին 3 ժամ տեւողութեան ընթացքին դուրս ձգեց ռուս Տանիլ Մետվետեւը` 6-7, 6-3, 6-4, եւ 6-4 արդիւնքով: Ան աւարտականին պիտի մրցի սերպ Նովաք Ճոքովիչ (թիւ 2), Լորենցօ Միւզեթթի (Իտալիա թիւ 25) մրցումին յաղթականին դէմ:
Անցեալ տարի, Ալքարաս շահած էր Ուիմպըլտընի մրցաշարքը` աւարտականին պարտութեան մատնելէ ետք Ճոքովիչը 4 ժամ 42 վայրկեան մրցումէ մը ետք` 1-6, 7-6, 6-1, 3-6 եւ 6-4 արդիւնքով:


